«Borgo Laudato si'» ընդգրկման և հիւրընկալութեան նախագիծ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հիւրընկալութիւն, կայունութիւն և շրջանաձև տնտեսութեան տիպար։ Ասոնք այն 55 հեկտար տարածքի առանձնայատկութիւններն են, որոնց պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը յառաջիկայ ուրբաթ՝ 5 սեպտեմբերին։ Այս կառոյցը ծնունդ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով ՝ «Laudato si'» շրջաբերականին սկզբունքները մարմնաւորելու նպատակով։
Հետազօտութիւն, ուսուցում, աշխատանք և առօրեայ կեանք
Յաւակնոտ հիմքերով և նպատակներով ստեղծուած ծրագիր, որուն նպատակներէն մին շրջանակաձև տնտեսութեան մը առաքինի օրինակ ստեղծելն է, նահանգներու, թեմերու և մեծ ընկերութիւններուն համար։ Որովհետև կարելի է համայնք կառուցել, և այդ կառուցել լաւապէս, համատեղելով հետազօտութիւնը, ուսուցումը, աշխատանքը և առօրեայ կեանքը։
55 հեկտար հողատարածք
Borgo Laudato si’ Աւանը կը զբաղեցնէ 55 հեկտար հողատարածք, որ ժամանակին մաս կազմած է «Պապական առանձնատուներուն»։ Անոնցմէ մօտ 30 հեկտարը օգտագործուած է գիւղատնտեսական նպատակներով՝ Տոմիցիանոսի հին հռոմէական առանձնատան տարածքին վրայ, որ անհամեմատելի գեղեցկութեան վայր է և հարուստ հնագիտական եւ պատմական ժառանգութեամբ (ներառեալ, բացի հոյակապ իտալական այգիներէն, հռոմէական դարաշրջանի եզակի քրիբթոոփորթիքոն, որ ունի մօտ 150 մեթր երկարութիւն)։
Աստուծոյ, բնութեան եւ մարդուս ունակութեան միջեւ համագործկացութիւն
Ահա այս իրականութեան մէջ, որ կը մարմնաւորէ Laudato si’-ին սկզբունքները այսինքն բնապահպանութիւնը, որ համագործակցութիւն է Աստուծոյ, բնութեան եւ մարդուս ունակութեան միջեւ, ծնունդ առաւ նաեւ «Laudato si’ Բարձր կազմաւորման կեդրոնը», որ ծրագրի կրթական յենասիւնն է, գիւղատնտեսական արտադրութեան համակարգով միասին, ուր գործնականապէս կը կիրառուին համապարփակ բնապահպանութեան սկզբունքները։
«Laudato si’ Բարձր կազմաւորման կեդրոնը»
Այնտեղ ըստ Կեդրոնի պատասխանատուներուն տարեկան կազմաւորում պիտի ստանան երկու հազարի մօտ աշակերտներ, որոնք Կեդրոն կը ժամանեն աշխարհի տարբեր երկիրներէն եւ որ կազմաւորման շրջանը անցնելէն ետքը կարող են նաեւ ներառուիլ Laudato si’ Աւանի աշխատանքային անձնակազմին մէջ, աշխատանքի փորձը ապրելու, ապա իրենց այդ փորձառութեան պաշարը օգտագործելու այլուր։
Պաշտօնական բացումը 5 սեպտեմբերին
Laudato si’ Աւանը յառաջիկայ օրերուն, Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ կատարուած պաշտօնական բացումէն ետքը իր դռները պիտի բանայ այցելուներուն, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու այդ վայրին գեղեցկութիւնը, եւ մօտէն ծանօթանալու Laudato si’ ծրագրին։
Արդարեւ ուրբաթ` 5 սեպտեմբերի յետմիջօրէին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանէն պիտի փոխադրուի Քասթեալ Կանտոլֆօ պաշտօնական բացումը կատարելու «Borgo Laudato si'»ին: Օրհնութեան արարողութենէն առաջ ան պիտի շրջի ու ծանօթանայ Աւնաի զանազան վայրերուն, հանդիպելով նաեւ այնտեղ աշխատող անձնակազմի ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, ինչպէս նաեւ Աւանի հետ համագործկացող մեծ ընկերութիւններու պատասխանատուներուն հետ։
Այդ առիթով Նորին Սրբութեան պիտի ներկայաուցին նաեւ Սպանիայի Անտալուզիայէն Քահանայապետին ի պատիւ բերուած ձիեր, որ ինչպէս յայտնէ է, Փերույի մէջ իր առաքելութեան ընթացքին յաճախ զանոնք օգտագործած է տեղափոխութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ