Չենք կարող խօսիլ միայն նիւթական շահոյթի մասին. մարդոց բարգաւաճումին նպաստելը նոյնպէս շահոյթ է. Հայր Մանուէլ Տորանթեսը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
2025 թուականի Սեպտեմբերի 5-ին, ժամը 16:00-ին, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ.-ի նախագահութեամբ Քասթել Կանտոլֆոյի «Borgo Laudato si’» աւանի պաշտօնական բացման առիթով, Աւանի Բարձր կազմաւորման կենտրոնի վարչական և կառավարչական տնօրէն Հայր Մանուէլ Տորանթեսը հարցազրոյց տուաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն։
Յիշեցնենք, որ «Laudato si'» (թարգմանաբար՝ «Գովեալ ըլլաս») Բարձր կազմաւորման կենտրոնը ծնած է Ֆրանչիսկոս Պապի համանուն շրջաբերական նամակի մէջ արտայայտած մտահոգութիւններէն:
Այս առումով Կենտրոնի Տնօրէնը նկատել տուաւ, որ առաջնային նպատակն է, Ֆրանչիսկոս Պապի ցանկութեան համաձայն, արարչագործութեան պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերու նկատմամբ զգայունութիւն ցուցաբերող երիտասարդ սերունդներու նկատմամբ հոգատարութեան դրսեւորումը։
Ըստ այդմ, Հայր Մանուէլը ընդգծեց, որ «Laudato si'» Բարձր կազմաւորման կենտրոնը իր դռները պիտի բանայ յատկապէս տարրական ու միջնակարգ դպրոցներու երեխաներու համար:
Բացի այդ, պիտի մեկնարկուի ամառնային ծրագիր աշխարհի տարբեր ծայրերու երիտասարդ համալսարանական ուսանողներու համար՝ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած շրջակայ միջավայրի կայունութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հայող նիւթերու շուրջ փորձառութիւն ձեռք բերելու հնարաւորութեամբ։
Շրջաբերականի մէջ Պապը անդրադարձած է երկու ծայրայեղ իրավիճակներու.
Մէկ կողմէ՝ կլիմայի փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատւութեան հետ կապուած մարտահրաւէրը կ՚ազդէ յատկապէս ամէնէ աղքատ խաւերուն վրայ՝ բնակութեան վայրէն անկախ:
Ասկէ մեկնելով, վերոնշեալ Կենտրոնի Տնօրէնը տեղեկացուց, որ պիտի բացուի առաջին մասնագիտական դպրոցը՝ Ալպանոյի եւ նաեւ Հռոմի տարածքի ամենախոցելի մարդկանց աշխատանքային ուսուցում առաջարկելու եւ արհեստ սորվեցնելու համար՝ այդպիսով հաւաստելով, որ Եկեղեցին ոչ միայն կը քարոզէ, այլեւ՝ կը գործէ առարկայօրէն։
Միւս կողմէ, «Laudato si'»ին մէջ կը նշուի, որ կլիմայի փոփոխութեան եւ մարդկային էակներու արժանապատուութեան համար ամենամեծ պատասխանատուութիւնը կը կրեն ձեռնարկութիւններն են ու ձեռնարկատէրերը, յարեց ապա Հայր Մանուէլը եւ բացատրեց, որ անոնք եւս պիտի ներգրաւուին ծրագիրին մէջ։ Այդ նպատակով պիտի բացուի կառավարման վերապատրաստման դպրոց աշխարհի խոշոր ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններուն համար։ «Չենք կարող խօսիլ միայն նիւթական շահոյթի մասին. աշխատողներու արժանապատւութեան նկատմամբ յարգանքը, որպէս մարդկային էակներ անոնց բարգաաճումին օժանդակութիւնը նոյնպէս շահոյթ է», յարեց հուսկ «Laudato si'» կրթական կենտրոնի Տնօրէնը։
Հրաւէր՝ այցելելու «Borgo Laudato si’» աւան
Այնուհետեւ, պատասխանելով լրագրողի հերթական հարցումին, ան անդրադարձ կատարեց Վատիկանին պատկանող 55 հեկտարանոց այդ հողատարածքի առանձնայատկութիւններուն, ուր հիմնուած է «Borgo Laudato si’» աւանը, եւ նշեց, որ անոր 15 հեկտարը քահանայապետական ֆերմա է եւ կ՚օգտագործուի գիւղատնտեսական նպատակով՝ ապահովելով «Սրբազան Քահանայապետի սեղանի համար անհրաժեշտ ողջ սնունդը։ Սեպտեմբեր 5էն այդ նոյն մթերքները, հասանելի պիտի դառնան ամբողջ մարդկութեան»։
Ի վերջոյ Հայր Մանուէլը հրաւիրեց բոլոր «հաւատացեալները եւ ոչ հաւատացեալները» Հռոմ այցելելու ատեն ժամանակ յատկացնել այցելելու «Borgo Laudato si’» աւան եւ «վերամիաւորուելու Աստուծոյ հետ՝ բնութեան եւ կաթողիկէ աւանդոյթի հոգեւորութեան այս հիանալի վայրերու միջոցաւ», որուն դռները 400 տարի ետք կրկին բաց են ողջ մարդկութեան առջեւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ