Կարդինալ Կուճերոթթի. Կարդինալ Մուրեշանը այն սերունդի խորհրդանիշն է, որ կրեց հալածանքներուն աննախադէպ ցաւը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Պլաժ քաղաքին մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթին գլխաւորեց Ռումանացի Յոյն Կաթողիկէներուն արք. Կարդինալ Լուչիան Մուրէսանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը ընդգծեց օրուան պատմական նշանակութիւնը, որ բնութագրուած է քրիստոնէական հաւատքը դաւանող սերունդի անջատումով, չնայած համայնավարական վարչակարգի տակ ապրուած տանջանքներուն, ինչպէս յիշատակած է Լեւոն ԺԴ. Պապը իր հեռագիրին մէջ։ Կարդինալ Մուրեշանը եղած է Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոս յաջորդի հանդէպ հաւատարմութեան մեծ վկայ, որ ստիպուեցաւ զոհաբերութեան, գաղտնիութեան եւ յանկարծակի փոփոխութիւններուն կեանք վարել իր հաւատքի պատճառով։
Հաւատքի եւ տառապանքի վկայութիւն
Կարդինալ Մուերշանը այն սերունդի խորհրդանիշն է, որ կրեց հալածանքներուն աննախադէպ ցաւը։ Անոր կեանքը, որ անցած է հաւատացեալները գաղտնի պատրաստելով եւ խրախուսելով, կը ներկայացնէ «փայլուն լոյսը»։
Եկեղեցւոյ Վերածնունդ
Ողբերգութենէն յետոյ կարդինալ Մուրաշեանը գլխաւոր դերակատարը եղաւ Ռումանիոյ մէջ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յոյսով լի վերածնունդի գործին մէջ։
Պետութիւն – եկեղեցի յարաբերութիւններ
Անցեալի տառապանքը կը նախազգուշացնէ այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները, ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթին աւելցնելով, Կաթողիկէ եկեղեցին խոր երախտագիտութիւն կը յայտնէ կարդինալ Մուրաշեանի, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, աշխարհականներուն՝ իրենց հաւատարմութեան վկայութեան համար, որուն մասին քիչ յայտնի է Արեւմուտքին։
Այս մարդիկ չհրաժարեցան իրենց հաւատքէն՝ նոյնիսկ գիտակցելով անոր հետեւանքները։
Կարդինալ Կուճերոթթին քարոզը եզրափակեց նշելով, որ Ռումանիոյ նախագահի եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն մասնակցութիւնը յուղարկաւորութեան դիտուած է որպէս ներդրման ճանաչում՝ երկրի քաղաքացիական գիտակցութեան բարձրացման եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան գործին մէջ։ «Անոնք որոնք ոչ կ՝ըսեն բռնութեան ու իրենց համոզումները վեր կը դասեն փոխզիջումէն, ուսուցիչ են իրենց ժողովուրդին համար եւ հրաւէր՝ հայրենիքը յարգանքի եւ արդարութեան վրայ կառուցելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ