2025.09.03 Membri del "Joint Working Group" tra la Chiesa Cattolica e il Consiglio Mondiale delle Chiese

Ըլլալ միացած բաժնուած աշխարհի մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապի քաջալերանքը համատեղ աշխատանքային խումբին

Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Ֆլավիօ Փաչեն կը ներկայացնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համատեղ աշխատանքային խումբի լիագումար նիստին աշխատանքները եւ Սրբազան Քահանայապետի հետ «շատ շատ գեղեցիկ» հանդիպումը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համատեղ աշխատանքային խումբի միջեւ լիագումար նիստը աւարտեցաւ երեկ՝ 3 Սեպտեմբերին: Հանդիպումը նուիրուած էր փորձի փոխանակման, յարաբերութիւններու խորացման եւ նոր առաջնահերթութիւններու ուսումնասիրութեան: Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ատեն, Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Ֆլավիօ Փաչէ ներկայացուց համատեղ աշխատանքային խումբին աշխատանքը եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ հանդիպումը:

Աշխատաժողովը բազմակողմանի գեղեցիկ փորձառութիւն

Արքեպիսկոպոսը նախ եւ առաջ նշեց թէ՝ աշխատաժողովը բազմակողմանի փորձառութեան առումով շատ գեղեցիկ էր, որուն ընթացքին խումբի անդամներուն ներկայացուեցաւ Հռոմէական Քուրիայի իրականութիւնը։

Այդ նպատակով, Սուրբ Աթոռի Վերատեսչութիւններու կամ Հիմնարկներու ներկայացուցիչները՝ Պետական ​​քարտուղարութիւն, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութիւն, Աւետարանումի Վերատեսչութիւն, Աստուածային Պաշտամունքի Վերատեսչութիւն, Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութիւն եւ Սինոդի Քարտուղարութիւն, համառօտ կերպով պատմեցին իրենց աշխատանքի մասին, միաժամանակ սինոդալ եւ համագործակցական ոճով երկխօսութիւն ծաւալելով։

Ասկէ մեկնելով, Գերապայծառ Փաչէն հաստատեց, որ այդ մէկը հնարաւորութիւն ընձեռեց աւելի լաւ պատկերացում կազմելու Քուրիայի կենդանի իրականութեան մասին։

Ան աւելցուց ապա, որ Վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը նոյնպէս խօսք առաւ եւ ներկայացուց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները:

Գերապայծառը անդրադարձ կատարեց նաեւ համատեղ աշխատանքային խումբի ներքին՝ երեք ենթայանձնաժողովներու աշխատանքին, որ բաղկացած է կաթողիկէներէ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամներէ, որոնք կ՚աշխատին շարք մը նիւթերու շուրջ։

Պէտք է նշել, յարեց ապա Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան Քարտուղարը, որ համատեղ աշխատանքային խումբի լիազօրութիւնը պիտի աւարտի 2030 թուականին, եւ կատարած աշխատանքի արդիւնքները պիտի ներկայացուին ըլլայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ըլլայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին:

Հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Պապի հետ

Գերապայծառ Փաչէ յատուկէն անդրադարձաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ հանդիպման՝ «շատ, շատ գեղեցիկ», «սպասուածէն աւելի լաւ» բնութագրելով զայն։ Սրբազան Հայրը, ըսաւ ան, նախապէս ծրագրաւորուած կարճ ողջոյնի եւ խմբային լուսանկարէն բացի, ցանկացաւ ժամանակ անցնել մասնակիցներէն իւրաքանչիւրի հետ, ծանօթանալ անոնց հետ, ճանչնալ անոնց ծագումն ու պատկանելութիւնը, խրախուսանքի իր խօսքը ըսել եւ իր օրհնութիւնը բաշխել անոնց վրայ եւ միասին «Հայր մեր» աղօթքը արտասանել։

Նախքան Տէրունական աղօթքը իր խօսքին մէջ Պապը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի միջեւ այս համատեղ աշխատանքը պէտք է շարունակուի, քանի որ միասնութեան կոչը մեր ժամանակներու այդքան բաժնուած ու այդքան վիրաւոր աշխարհի մէջ հրատապ կոչ է եւ որովհետև քրիստոնեաներու եւ Եկեղեցիներու վկայութիւնը կարող է ըլլալ միայն միասնութեան եւ հաղորդութեան կոչ, նշեց վերջապէս Գերապայծառ Փաչեն նկատել տալով, որ «Հայր մեր»ը, որ Նորին Սրբութիւնը ցանկացաւ միասին արտասանել, կը վկայէ, «որ մենք այդ ուժը, միասնութեան այդ աղբիւրը կը գտնենք առաջին հերթին Քրիստոսի հետ մեր յարաբերութիւններու մէջ՝ զԱստուած Հօր անունով կոչելով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 09:14