Համարձակութիւնը խաղաղութեան ձգտելու մէջ է. Գերապայծառ Կալլակեր
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Համաշխարհային խաղաղութիւնը խթանելու ուղղութեամբ Լեւոն ԺԴ.ի ջանքերը, համահունչ են երկխօսութիւնը, զօրակցութիւնը եւ եղբայրութիւնը խրախուսելու Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ուրուագծուած ուղիին։ Այս է, այն ինչ որ ընդգծեց Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը՝ մասնակցելով Պլետ քաղաքին մէջ կայացած «Strategic Forum»ի 20րդ հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերի 1ին եւ 2ին։
Յանուն խաղաղութեան առաջնորդութիւն
Արքեպիսկոպոսը ելոյթ ունեցաւ «Վերակենդանացնել առաջնորդութիւնը եւ բազմակողմանիութիւնը հակամարտութիւններու եւ մասնատումներու դարաշրջանի մէջ» բնաբանով կլոր սեղանի քննարկումներուն ընթացքին, որոնք ի մասնաւորի բեւեռուեցան թէ ինչպէս վերաձեւաւորել քաղաքական եւ ընկերային ջանքերը համարձակ, ներառական եւ բազմակողմանի կերպով՝ դէպի յանուն խաղաղութեան առաջնորդութիւն, նոյնիսկ բաժանումներով նշանաւորուած ժամանակաշրջանի մէջ:
Խաղաղութեան խթանումը՝ ընդհանրական գործ
Մասնակիցներու կողմէ ընդգծուեցան խաղաղութեան խթանումը ընդհանրական գործ դարձնելու հնարաւորութիւնները, միասնական համաձայնութեան բացակայութենէ բխող մարտահրաւէրները դիմակայելու քաղաքական ջանքերու կարեւորութիւնը:
Միասնական համաձայնութեան ձեւաւորումը՝ առաջնային եւ հրատապ խնդիր
Պատասխանելով հարցերուն, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը, իր հերթին, շեշտեց, որ միասնական համաձայնութեան ձեւաւորումը բոլոր՝ ըլլայ ՄԱԿի, ըլլայ ազգային կամ տեղական, մակարդակներով, այսօր առաջնային եւ հրատապ խնդիր է, որու համար անհրաժեշտ է «արտակարգ մտածողութիւն» եւ նոր գաղափարներու, մօտեցումներու եւ լուծումներու մշակում:
Ապահովել երկու հիմնարար տարրեր
Պետական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ազգային կառավարութիւններու ծիրէն ներս աճող մասնատումներն ու բաժանումները կը նպաստեն վստահութեան կամ հեղինակութեան պակասին, նշեց Գերապայծառը ի պատասխան այլ մէկ հարցադրումի՝ շարունակելով, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ կանոններու պահպանումը, կարծէք թէ, տեղի կ՚ունենայ միայն այն պարագային, եթէ այդ մէկը որոշակի օգուտ ապահովէ, մինչդեռ անցեալին կանոններու վրայ հիմնուած կարգը կ՚առաջարկէր բոլորը պաշտպանելու կառուցուածք։
Եւ շատ ժողովրդավարութիւններ այսօր ճգնաժամի մէջ են, քանի որ ունակ չեն երաշխաւորելու երկու հիմնարար տարրեր՝ բարգաւաճում եւ անվտանգութիւն, աւելցուց Ան բացատրելով նաեւ, որ քաղաքական առաջնորդներու մեծ մասը կարող է դրականօրէն փոխել իրավիճակը երկխօսութեան, միասնական համաձայնութեան ձևաւորման եւ նուիրուածութեան միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ