Մխիթարուեան աղօթքի հսկում Մխիթարուեան աղօթքի հսկում  (@Vatican Media)

Մխիթարութեան Յոբելեանը։ Երկու կին՝ ներումի եւ հաշտութեան երկու վկաներ։

Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ աղօթքի հսկումի ժամանակ, երկու կանայք եւ մայրեր քաջաբար եւ յուզիչ կերպով պատմեցին այն ուղեւորութեան մասին, որ զիրենք առաջնորդեցին իրենց սիրելիները սպաննողներուն հետ հանդիպելու։ Լուչիա Տի Մաուրօ այսօր՝ մեծ մայրիկ անուանուած է Անթոնիոյի երեխաներէն, որ մասնակցած է իր ամուսինին Կայէթանոյի սպանութեան։ Տիանա Ֆոլին հանդիպեցաւ Ժիհատիսթներուն մէկու մը հետ, որոնք առեւանգեցին ապա սպանեցին իր որդին Ժիմը, որ ամերիկացի լրագրող մըն է ու ՏԱՀԵՇ-ի առաջին զոհերէն մէկը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկու կանայք՝ Լուչիա Տի Մաուրօ եւ Տիանա Ֆոլի, Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցած մխիթարութեան Յոբելեանի առիթով կազմակերպուած աղօթքի հսկումի ժամանակ կիսեցին կորուստի եւ վիշտի զգացումները։ Երկուքն ալ պատմեցին թէ ինչպէս իրենց հաւատքը օգնեց յաղթահարելու յուսահատութիւնը եւ գտնել վերածնունդի ու յոյսի զգացում։

Լուչիա Տի Մաուրօ. Վրէժխնդրութենէն մինչեւ հաշտութիւն

Լուչիա Մաուրօն՝ Կայէթանօ Մոնթանինոյի՝ Նափոլի քաղաքի մէջ 16 տարի առաջ երիտասարդներուն կողմէ սպաննուած անվտանգութեան պահակի այրին, խօսեցաւ իր ցաւի եւ ներումի ուղեւորութեան մասին։ Ամուսինի մահուան ողբերգութիւնը ապրելէ ետք ան հրաժարեցաւ իր զայրութենէն եւ շնորհիւ իր փորձառութեան որպէս մասնագէտ ընկերային հարցերու մէջ հասկցաւ երիտասարդ յանցագործին օգնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ փոխուիլ։

Մասնաւորապէս ան կապ հաստատեց խումբի ամենափոքր անդամ Անթոնիոյի հետ, որ ներողութիւն խնդրեց։ Առաջին՝ վախի ու սարսափի հանդիպումէն ետք Լուչիան ողջագուրեց տղան, սկսելով վերականգնողական արդարադատութեան ուղի մը։

Այս ուղին որ Լուչիան սահմանեց որպէս ճանապարհորդութիւն, նկարագրեց որպէս հաշտութիւն, որ թոյլ տուաւ իրեն փոխելու իր ցաւը եւ վերականգնել յանցագործին արժանապատուութիւնն ու ապագան։ Այսօր Լուչիան կը համագործակցի «Լիպերա» ընկերակցութեան հետ ու կ՝ուղեկցի Անթոնիոյին անոր վերականգնումի ուղեւորութեան մէջ՝ համոզուած ըլլալով, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ փոխուիլ եթէ անոր օգնութեան եւ հնարաւորութիւն տրուի։

Լուչիա Տի Մաուրօ
Լուչիա Տի Մաուրօ   (@Vatican Media)

Տիանա Ֆոլին, մօր մը վիշտէն մինչեւ ներողամտութիւն։

Տիանա Ֆոլին վկայեց իր սրտաճմլիկ պատմութեան մասին, որպէս մայր, որուն որդին լրագրող Ժէմս Վրայթ Ֆոլի՝ առեւանգուեցաւ եւ գլխատուեցաւ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ՝ 2014 թուականին։ Գրթէ երկու տարի իր զաւկին գերութենէն, խոշտանգումներէն եւ բռնի մահէն ետք Տիանան ապրեցաւ անսահման ցաւ ու զայրոյթ։ Հակառակ այս բոլոր բաներուն, ան շարունակեց աղօթել՝ խնդրելով Աստուծմէ որ չմաշեցնէ զինք ատելութեան մէջ ու մխիթարութիւն գտնէ Տիրամօր մէջ, Խաչին տակ տառապող Մայրէն։։

Մի քանի տարի ետք, երկու պատասխանատու ժիհատիսթներ ձերբակալուեցան եւ դատուեցան։ Անոնցմէ մէկը Ալէքսանտա Քոթէ, խնդրեց հանդիպիլ զոհերուն ընտանիքներուն հետ։ Տիանան համաձայն գտնուեցաւ եւ հանդիպումի ժամանակ զգաց շնորհքի պահ մը, որ թոյլ տուաւ իրեն լսելու մարդուն , լալու եւ կիսելու անոնց պատմութիւնները։Ան ներեց մարդասպանը, նայելով անոր որպէս մեղաւոր որ ողորմութեան կարիքը ունին։ Երեք շաբաթ ետք հիմնեց Ան ընկտերակցութիւն մը նուիրուած Ժէմսին։ Տիանա եզրափակեց իր վկայութիւնը՝ ընդգծելով թէ բոլորս մեր կեանքի մէջ խաչ կրելով հանդերձ միշտ յոյս եւ բուժում կը գտնենք, երբ կը քալենք Յիսուսի եւ Մարիամի հետ։

Տիանա Ֆոլի
Տիանա Ֆոլի   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 10:17