Եւրոպայէն մինչև Միջին Արևելք կայ պատերազմի անվերջ սրման վտանգ. Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 11 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը` Վատիկանի Casina Pio IV կեդրոնին մէջ կայացած համագումարի մը աւարտին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց պատերազմական ճակատներուն վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ի տես, սկսեալ Կազայէն` ուր Հայր Ռոմանելլին, Սուրբ Ընտանիք Ժողովրդապետութեան Հոգեւոր Հովիւը, հրատարակած էր ժողովրդապետութեան մօտակայքը տեղի ունեցած զօրաւոր պայթումի մը տեսերիզը։
«Իսրայէլը կանգ չառներ» ըսաւ լրագրողը եւ Կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց «Դժբախտաբար կանգ չառներ, հակառակ բազմաթիւ կոչերուն, որոնք ուղղուած են նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ, Կարդինալ Փիցցապալլայի կողմէ, Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը»։
«Անոնք ցոյց կու տան հիացմունքի արժանի դիմադրութեան կարողութիւն։ Կը մնան հաշմանդամ մարդոց մօտ, հետևաբար, չեն ցանկար յանձնուիլ «բռնութեան». ես կը շեշտէի այս կէտը։ Անշուշտ, կայ իսրայէլացիներու ցանկութիւնը՝ կանգ չ՛առնելու, բայց կայ նաև այս կողմը՝ շարունակել մնալ՝ հակառակ ամէն բանի» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը խօսելով այն եկեղեցականներու մասին, որոնք երբեք չհեռացան Կազայէն եւ կը շարունակեցին մնալ իրենց ժողովուրդի կողքին։
Մարդասիրական գործողութիւններու մասին իր գնահատականը տալով Ծիրանաւորը նշեց, որ ողջունելի են բոլոր մարդասիրական գործողութիւնները, որոնք կարող են մեղմացնել մարդասիրական տագնապի ծանր իրավիճակը։
Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ըրած է անդամ պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինը, սակայն հռչակագիրին մէջ չէ նշուած «ցեղասպանութիւն» բառը։ Երկուշաբթի օրը` մօտ 300 քահանաներ և եպիսկոպոսներ, ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որուն մէջ Կազային մէջ պատահածը որակեցին «ցեղասպանութիւն», ո՞րն է ձեր մեկնաբանութիւնը հրացումին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը նշեց, թէ ինք մեկնաբանելու բան չունի ու թէ հաւանաբար ստորագրողները տուեալներ ունին այդ եզրը օգտագործելու համար, թէեւ «մենք տակաւին այդ մէկը չ՛ըրինք» ըսաւ Ան։
Մենք իսկապէս անդունդի եզրի՞ն ենք. միջազգային իրաւունքը ոտնահարուա՛ծ է... հարցումին Կարդինալ Փարոլինը հաստատեց. «Այո` մենք անդունդի եզրին ենք։ Ես համաձայն եմ այս վերլուծութեան, այն իմաստով, որ սրացումը «սարսափելի է»։
Խօսելով ապա Ուքրանիոյ պատերազմի մասին եւ Լեհաստանի օդային տարածքին վրայ ռուսական անօդաչու սարքերու թռիչքի միջադէպի մասին Փարոլինը շեշտեց. որ «կը գտնուինք մեծ վտանգի մը դիմաց։ Կայ պատերազմի անվերջ սրացումի մը վտանգը, վտանգը լայնածաւալ պատերազմի մը բռնկումին»։
Թէ ի՞նչ կարող է ընել Սուրբ Աթոռը» հարցումին, Պետական քարտուղարը ակնարկեց Սուրբ Աթոռի ձեռքերուն մէջ գտնուող միակ գործիքին` փորձելու կասեցնել պատերազմը` դիւանագիտական գործունէութիւնը։
Փարոլինը խօսեցաւ նաեւ վերջերս Իսրայէլի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումի մասին, որուն ընթացքին Նախագահը վստահեցուցած էր` որ Կազայի վրայ տիրապետումը տեղի պիտի չունենայ։
«Եւ դուք կը հաւատա՞ք անոր» հարցումին Կարդինալ Փարոիլնը ըսաւ «Այո ես կը հաւատամ խօսքերուն, բայց ետքը պէտք է դիտարկել իրադարձութիւնները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ