Արք Կալլակեր Արք Կալլակեր 

Արք Կալլակեր. Բարեփոխել ՄԱԿ-ը՝ խաղաղութիւնը եւ մարդու իրաւունքները խթանելու համար։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի՝ իր հիմնադրութեան 80 ամեակի նուիրուած նիստի ընթացքին Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղարը ընդգծեց խաղաղութեան համար աշխատելու անհրաժեշտութիւնը՝ զինաթափման, մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի եւ բազմակողմնութեան ճգնաժամի յաղթահարման միջոցաւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի հիմնադրութեան 80 ամեակի առթիւ կազմակերպուած նիստի ընթացքին։

Արք Կալլակեր իր ելոյթին մէջ կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերու վրայ.

Կեդրոնական կոչ. Խաղաղութիւն, երկխօսութիւն եւ բազմակողմնութիւն

Արք Կալլակեր իր ելոյթը սկսաւ խաղաղութեան կոչով՝ հասկցուած ոչ միայն հակամարտութեան բացակայութիւն, այլեւ որպէս արժէք, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ հասանելի է երկխօսութեան եւ հաշտութեան միջոցաւ։

Արք. Կալլակեր Բազմակողմանի համագործակցութիւնը վերահաստատեց որպէս էական, դիմակայելու համար վերափոխուած եւ մասնատուած աշխարհին, որ յատկանշուած է նոր սպառնալիքներով եւ ան կայունացնող մեկուսացումով։

Մարդկային արժանապատուութիւնն ու իրաւունքը

Մարդկային արժանապատւութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ջանքերուն հիմքը։

Կեանքի իրաւունք։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ կեանքը պաշտպանելու կարեւորութիւնը «յղիութենէն մինչեւ անոր բնական աւարտը, դատապարտելով վիժումը, հեշտամահութիւնը, փոխնակ մայրութիւնը, որոնք կանայք եւ երեխաները կը վերածեն պարզապէս արտադրանքի։

Ազատութիւն. Արք Կալլակեր ընդգծեց Միտքի, խիղճի եւ կրօնի ազատութեան կարեւորութիւնը նկատել տալով, որ քրիստոնէութիւնը աշխարհի ամենաշատ հալածուած կրօնական խումբ է։ 

Զինաթափում եւ հակամարտութիւն

Միջուկային զինաթափում։ Զինաթափումը «բարոյական հրամայական է»։ Սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ առկայ միջուկային «բարոյական հրամայական» է եւ Սպառազինութիւններու մրցավազք եւ միջուկային զէնքերու մեծ թիւը մտահոգիչ են։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ որ միջուկային զէնքէն զերծ աշխարհը « անհրաժեշտ եւ հնարաւոր է»։

Ռազմական ծախսերը եւ աղքատութիւնը

Բարձր ռազմական ծախսերը (2024 թուականին 2,72 դրիլիոն տոլար) հարստութիւնները կը շեղեն աղքատներէն եւ կը սնուցէ բռնութիւնները։ Այս առումով գերպ Կալլակեր առաջարկեց աղքատութիւնը վերացնելու եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար, հիմնադրելու համաշխարհային հիմնադրամ։

Միջազգային մարդասիրական իրաւունք

Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները, ներառեալ քաղաքացիական անձերու, հիւանդներու վրայ յարձակումները եւ սովի օգտագործումը, համարեց որպէս զէնք եւ լուրջ պատերազմական յանցագործութիւններ։

Կլիմայական ճգնաժամ

Կլիմայական ճգնաժամը «շրջակայ միջավայրի արդարադատութեան» խնդիր է, որ անսահման օրէն կ՝ազդէ աենախոցելիւ խուբմերու վրայ եւ կը պահանջէ միջազգային ամուր համագործակցութիւնը ու կենաքի մշակոյթի խթանում»։

Աղքատութիւն եւ սով

Սովի եւ աղքատութեան վերացումը «բարոյական պարտաւորութիւն» է եւ կը պահանջէ սնունդի համակարգերու համատեղ օգտագործում եւ կայունութեան ապահովութիւնը։

Համաշխարհային անհաւասարութիւնները

Արք Կալլակեր նշեց, որ անյապաղ անհրաժեշտութիւն կայ լուծելու անհաւասարութեան կառուցուածքային պատճառները, ներառեալ շահագործող աշխատանքային կիրառումները, անարդար առեւտրական համակարգերը։

Պարտք

Ամենաղքատ երկիրներու պարտքերու չեղարկումը «արդարադատութեան հարց է։ Ճանչցուած է նաեւ պարտքի նոր ձեւ՝ բնապահպանողական պարտքը, համաշխարհային հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ։

Գաղթականներ եւ փախստականներ

Գեր Կալլակեր նշեց որ գաղթականներն ու փախստականները համաշխարհային անհաւասարութեան «առաջի զոհեր են ու Արձագանգը պէտք է ըլլայ բարոյական եւ աջակցող՝ ընդլայնելով անվտանգ գաղթի ուղիները։

Արհեստական բանականութիւնը

Արհեստական բանականութիւնը «անսովոր արհեսավարութեան նուաճում է, բայց հզօրապէս վտանգաւոր է, եթէ ան սնուցէ «դեկնոկրատ» տիպար, որ մարդկային արժանապատուութիւն եւ եղբայրութիւն կը ստորադասէ արդիւնաւէտութեան։

Սուրբ Աթոռը կոչ կ՝ընէ մշակելու յստակ բարոյական ուղեցոյցներ եւ կարգաւորող շրջանակներ եւ կ՝ընդգծէ աշխատողներու կորուստը փոխ հատուցելու համար նոր աշխատեղեր ստեղծող տնտեսական համակարգերու ներդրման անհրաժեշտութիւնը։

Արք Կալլակեր կոչ ըրաւ յստակ եւ անկեղծ երկխօսութեան՝ հակամարտութիւնները լուծելու համար ու յիշեց կարգ մը երկիրներ ու տարածաշրջանները

Ուքրանիա. Արք Կալլակեր կոչ ըրաւ «անյապաղ հրադադարի» անկեղծ եւ համարձակ երկխօսութիւն սկսելու համար։

Մերձաւոր Արեւելք։ Իսրայէլցիներուն եւ Պաղեստինցիներու միջեւ «արդար եւ կայուն» խաղաղութիւն՝ հիմնուած երկու պետութիւններուն լուծման վրայ, պատանդներու ազատ արձակումով, մշտական հրադադարով եւ միջազգային իրաւունքի լիակատար յարգանքով։

Կովկասեան տարածաշրջան

Սուրբ Աթոռը ճանչնալով օգոստոսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը կոչ կ՝ընէ երկիրներուն շարունակելու հաշտութեան ուղին՝ հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար։

Քոնկոյի Հանրապետութիւն։ Արք Կալլակեր Խոր մտահոգութիւն յայտնեց երկրի արեւելքի մէջ իրավիճակի վատթարացումին եւ բռնութեան նոր ալիքներուն համար, ինչպէս եկեղեցիներուն վրայ յարձակումներ։

Սուտան եւ Հարաւային Սուտան։ Կոչ  անյապաղ հրադադարի եւ իրական բանակցութիւններ սկսելու համար։

Միանմար։ Մտահոգութիւններ չորս տարի տեւող ներքին պատերազմի եւ այպէս խարդախութեան աճումին գծով, ուր տասնեակը հազարաւոր մարդիկ մարդավաճառութեան զոհեր են

Թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութիւնը եւ Կարաիպետեան կղզիները

Լատինական Ամերիկայի մէջ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան պատուհասը կը պահանջէ ներդրումներ մարդկային զարգացման մէջ՝ հակաահա բեկչական ջանքերու հետ մէկտեղ։

Արք Կալլակեր իր ելոյթը եզրափակեց վերահաստատելով ՄԱԿ-ի անսասան արժէքը՝ 80 ամեայ պատմութեան ընթացքին՝ հրաւիրելով դիմադրելու անոր հիմնական ծրագիրները փոխարինող գայթակղութեան։  Հիմնադրութեան տարեդարձը հնարաւորութիւն է ամրապնդելու եւ վերակենդանացնելու կազմակերպութիւնը, որպէսզի շարունակէ մնալ յոյսի փարոս եւ մարդկութեան ծառայող դրական ուժ, ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2025, 11:47