Արք. Կալլակեր. Սուրբ Աթոռը մտահոգուած է երիտասարդներու շրջանակէն ներս ինքնասպանութիւններու բարձր թիւով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր իր մասնակցութիւնը բերաւ ու գրաւոր պատգամ յանձնեց Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած «Վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկման, ինչպէս նաեւ հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան խթանման վերաբերեալ չորրորդ բարձր մակարդակի հանդիպումի եւ 30 տարեկան երիտասարդներու համար համաշխարհային գործողութիւններուն ծրագիր. արագացնել համաշխարհային առաջընթացը միջսերնդային համագործակցութեան միջոցաւ» նիւթով բարձր մակարդակի հանդիպումի մասնակիցներուն։
«Վարակիչ հիւանդութիւններուն կանխարգիլման եւ վերահսկման, ինչպէս նաեւ հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան խթանման» վերաբերեալ չորրորդ բարձր մակարդակի հանդիպումի ժամանակ արք Կալլակեր յանձնեց գրաւոր պատգամ մը որուն մէջ կը նշեց թէ այս բարձր մակարդակի հանդիպումը արժէքաւոր հնարաւորութիւն կը ներկայացնէ՝ վարակիչ հիւանդութիւններուն եւ հոգեկան առողջութեան դէմ պայքարի ուղղուած համաշխարհային յանձնառութիւնը թարմացնելու եւ ամրապնդելու համար։ Անհրաժեշտ է նոր քաղաքական յանձնառութիւնը եւ աւելի լաւ ներգրաւուածութիւն կանխարգիլման ջանքերուն մէջ եւ առողջ ապրելակերպի խթանման գործին մէջ։
«Առողջութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունք է եւ անոր հասնելու համար անհրաժեշտ է ապահովուել համընդհանուր առողջ առողջապահական ծածկոյթ, մասնաւորապէս՝ առաջնային առողջապահական ծառայութիւններուն միջոցաւ», նշեց Արքեպիսկոպոսը աւելցնելով որ Միջազգային հանրութիւնը եւ իւրաքանչիւր պետութիւններ պարտականութիւն ունի հոգ տանելու ամենաշատ կարիքաւորներուն մասին եւ չզրկել իւրաքանչիւր մարդու, մասնաւորապէս՝ ամենախոցելիներուն՝ չծնուածներէն մինչեւ տարեցներու արժանապատուութեան յարգանքը ապահովուելու ջանքերուն մէջ։
Այս առումով Սուրբ Աթոռը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ ինքնասպանութեան փորձերու տարեկան մեծ թիւի կապակցութեամբ, որ յատկապէս ողբերգական երեւոյթ է երիտասարդներուն շրջանակէն ներս։ Կաթողիկէ եկեղեցին իր հերթին կը շարունակէ ապահովուել առողջապահական ծառայութիւններ եւ խթանել բարեկեցութիւն իր հաստատութիւններուն միջոցաւ յատկապէս աղքատներուն, թոյլերու կամ կարիքաւորներուն համար, գրեց Արք Կալլակեր։
«30էն անց երիտասարդներուն համար համաշխարհային օրակարգ, համաշխարհային առաջընթացքի արագացում միջ սերնդային համագործակցութեան միջոցաւ», բարձր մակարդակի հանդիպում ժամանակ արք Կալլակեր իր գրաւոր պատամին մէջ նշեց, որ Երիտասարդութեան համար գործողութիւններու համաշխարհային ծրագիրի (WPAY) երեսուն ամեակը առիթ է վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու երիտասարդներուն՝ դառնալու խաղաղութեան ճարտարապետներ, արարչագործութեան լաւ կառավարիչներ եւ աւելի արդար հասարակութեան ներդրողներ։ Արք Կալլակեր տեղեկացուց որ Սուրբ Աթոռը կ՝ընդգծէ ընտանիքին անփոխարինելի դերը երիտասարդ սերունդներուն կազմաւորման գործին մէջ։ Ծնողները հիմնարար իրաւունք եւ պարտականութիւն ունին կրթելու իրենց երեխաները ու ուղղորդելու զանոնք դէպի պատասխանատու չափահասութիւն։
Արք Կալլակեր եզրափակեց իր գրաւոր պատգամը մէջբերելով Լեւոն ԺԴ. Պապի երիտասարդներուն ուղղած կոչը «Աշխարհը ձեզի կը նայի, մենք կարիքը ունինք, մենք կ՝ուզենք որ դուք միանաք՝ մեր հետ կիսելու այս ընդհանուր առաքելութիւնը՝ Ճշմարիտ յոյսի պատգամը հռչակելու եւ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան, ներդաշնակութիւն խթանելու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ