2018.11.30 cardinale Lucian Muresan della Chiesa Greco-Cattolica di Romania

Մահացած է Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանը, Ռումանիայի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ

94 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանը, Ռումանիայի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը։Անոր մահով Ռումանիայի Եկեղեցի կը կորսնցնէ համայնավարական վարչակարգի տարիներուն տեղի ունեցած հալածանքներու ամենակարեւոր վկաներէն մին, երբ եկեղեցին կ՛ապրէր գաղտնութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

25 սեպտեմբեր 2025-ին Պլաժ քաղաքի իր նստավայրին մէջ իր հոգին աւանդեց առ Հայր`  94 ամեայ Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանը, Ռումանիայի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը։ Անոր մահով Ռումանիայի Եկեղեցնի կը կորսնցնէ համայնավարական վարչակարգի տարիներուն տեղի ունեցած հալածանքներու ամենակարեւոր վկաներէն մին, երբ եկեղեցին կ՛ապրէր գաղտնութեան մէջ

Անիկա ռումանացի կենդանի վերջին կարդինալն էր ու երկրորդ Հովիւը, որուն շնորհուեցաւ Կարդինալական տիտղոսը` իր նախորդի Կարդինալ Ալեքսանտրու Թոտէայէն ետքը։ Անոնցմէ առաջ` հաւատքի մարտիրոս  Գերապայծառ Իուլիու Հոսսուն եւս, ստեղծուած էր Կարդինալ, սակայն Պօղոս Զ Պապը այդ մէկը յայտարարեց միայն անոր մահուընէ ետքը։

Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանը ծնած էր  23 Մայիս 1931-ին։ Ան ականատես եղաւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վրայ գործադրուած ճնշումներուն ու անոր կասեցումին, անձնապէս թիրախ դառնալով հալածանքներու համայնավար վարչակարգի գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն  Ան քահանայ կը ձեռնատուրի գաղտնաբար` 1964 թուականին ու իր առաքելութիւնը կը կատարէ ծածուկ կերպով, ղեկավարելով Մարամուրեշի Թեմը, Թեմիս եպիսկոպոս Տրակոմիրի մահուընէն ետքը 1986 ին։ 

Համայնավար Վարչակարգի անկումէն ետքը` 1990 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ. զայն կ՛անուանէ Մարամուրեշի եպիսկոպոս։  1994 Ան կ՛ընտրուի Ֆակարաշի եւ Ալպա Եուլիայի աւագ Արքեպիսկոպոս եւ Մետրոպոլիտ։ 2005-ին Պենետիկտոս ԺԶ Եկեղեցւոյ կը շնորհէ Աւագ Արքեպիսկոպոսութեան կարգը, ճանչնալով անոր ինքնավար կարգավիճակը, հուսկ  2012-ին նոյն Քահանայապետը Գերապ.  Մուրեշանին կը շնորհէ Կարդինալական տիտղոսը։ 

Հալածուած հաւատքի լռելեան վկայ Կարդինալ Մուրեշանը կը թողու երկխօսութեան, ներումի եւ ճշմարտութեան հաւատարմութեան ժառանգութիւն մը։ Հիւանդ վիճակի մէջ անոր վերջին  հրապարակային ելոյթներէն մէկը եղաւ Սիքստինեան Մատրան մէջ Լեւոն ԺԴ Պապի նախագահութեամբ կայացած Երանելի կարդինալ Իուլիու Հոսսուի յիշատակին նուիրուած արարողութեան առիթով պատգամը, որուն մէջ Ան յիշեց թէ կարդինալ Հոսսուի կեանքն ու նահատակութիւնը մեզի հետ կը խօսին  անոր «Աստուծոյ, եղբայրներու եւ քոյրերու հետ բարեկամութեան մասին»: 

Երանելի Հոսսուն, որուն Մուրեշանը ուրախութիւնը ունեցած էր հանդիպելու հարկադիր բնակութեան վայրին մէջ, ուժ գտաւ «ներելու և սիրելու անոնք, որոնք զինք հալածեցին»: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 10:16