Կարդինալ Փարոլին. Հաւատք, յոյս եւ յանձնառութիւն ապագային համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքի յոբելեանի առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. Պապին օրհնութիւնը եւ անդրադարձաւ թեմի պատմութեան։ Ան ընդգծեց, որ տօնակատարութիւնը ոչ միայն պատմական իրադարձութիւն է, այլեւ հնարաւորութիւն՝ մեծարելու այն համայնքի հաւատարմութիւնը, որ դիմակայեց եւ յաղթահարեց բազմաթիւ «երկրաշարժներ», թէ՛ բնական՝ ինչպէս 2016 թուականի երկրաշարժը, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ գոյաբանական։
Ծիրանաւորը անդրադարձաւ տարածաշրջանը յուզող հարցերուն, բնակչութեան թիւի նուազումը, երիտասարդներուն արտագաղթը, կոչումներուն պակասը եւ ընկերային լարուածութիւնը ու կոչ ուղղեց համայնքին չյանձնուելու, այլ մշակելու գործող յոյսը, որ խարսխուած է Քրիստոսի մէջ ու 2025 թուականի համընդհանուր Յոբելեանի «առաջնորդ բանալին» է։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը քարոզին մէջ զգուշացուց մարդու կողմէ առաջացած պատերազմներէն, անկարգութիւններէն եւ հոգեւոր «երկրաշարժներէն» վերահաստատելով, որ նոյնիսկ եթէ մարդը արարած կործանումի ունակ է, Աստուած ունի յարութիւն տալու զօրութիւնը։
Կարդինալ Փարոլին նաեւ որոշ գործնական ուղեցոյցներ առաջարկեց Ռիեթիի եկեղեցւոյ ապագային համար։ Ան կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն վերստին արթնցնելու իրենց մկրտութեան հաւատքը ու դառնան երկրի աղը ապա յորդորեց համայնքը չ՝ենթարկուելու անտարբերութեան ու մաքրել «Տիրոջ տունը» ու պատուեն զայն այն ժեսթերէն, որոնք չեն պատուեր զինք։
Ի վերջոյ կարդինալ Փարոլին կոչ ուղղեց երիտասարդներուն թոյլ չտալու որ իրենց եկեղեցին ծերանայ առօրեայի պատճառով ու քաջալերեց զանոնք ոգեշնչուելու նոր Սուրբերէն ՝ Քարլօ Աքութիսէն եւ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիէն, դառնալու համար ուրախութեան առողջ կրողները, խաղաղութեան եւ յոյսի վկաները։ Հրաւիրեց աղօթելու կոչումներուն համար ու յորդորեց քահանաներն ու կրօնաւորները կենսունակ պահելու իրենց Աստուծոյ նկատմամբ սէրը, աղօթքով, սուրբ խորհուրդներով, եղբայրասիրական գործերու միջոցաւ՝ նպատակ ունենալով Ռիեթի համայնքը դարձնել «Աստուծոյ բնակավայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ