Ֆաթիմայի Տիրամայրը Ֆաթիմայի Տիրամայրը  (AFP or licensors)

Կարդինալ Փարոլինը մեկնեցաւ Փորթուկալ

Պետական Քարտուղարը երկիրը կ՛այցելէ 12-էն մինչև կիրակի՝ 14 սեպտեմբեր կանգ առելով եւ աղօթելով այն տարածքին մէջ, ուր մայրաքաղաքի Funicolar da Glória երկաթուղիով փոխադրակառքի արկածը պատահեցաւ ապա կը մասնակցի քաղաքացիական իշխանութիւններու Յոբելեանին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրին տուած այցելութեամբ է որ սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ճամբորդութիւնը Փորթուկալ` 12էն մինեչւ 14 սեպտեմբեր։

Պետական Քարտուղարութեան ԻՔՍ հարթակին վրայ հրատարակուած յայտագիրին համաձայն Ծիրանաւորը` շաբաթ 13 սեպտեմբերին Ֆաթիմայի Capelinha das Aparições մատրան մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ապա կը տեղափոխուի Լիզպոն` ուր նախատեսուած է անցեալ 3 սեպտեմբերին պատահած Funicolar da Glória-ի արկածի վայրին մէջ աղօթքը, հուսկ կը հանդիպի Փորթուկալի Վարչապետ` Լուիս Մոնթենեկրոյի հետ ու կը մասնակցի քաղաքացիական իշխանութիւններու Յոբելեանին։

Նոյն օրը Ան կը նախագահէ Սուրբ պատարագը Nossa Senhora de Fátima Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի` 14 սեպտեմբերին նախատեսուած է քաղաքավարական այց Հանրապետութեան նախագահ` Մարսելօ Ռեպելօ Տէ Սուզային։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 07:35