Լամբետուզա, գաղթականներ։ Լամբետուզա, գաղթականներ։  (ANSA)

Գաղթականներն ու փախստկանները մեր ընդհանուր տան մէջ, գագաթնաժողով հռոմի մէջ հոկտեմբերէ 1-էն 3

Հռոմի Ակուսթինանում համալսարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ «Փախստականները եւ գաղթականները մեր ընդհանուր տան մէջ» խորագիրով միջազգային հանդիպում,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

1-էն 3 հոկտեմբերին, Հռոմի Ակուսթինանում համալսարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ «Փախստականները եւ գաղթականները մեր ընդհանուր տան մէջ» խորագիրով միջազգային հանդիպում, որ նպատակ ունի դառնալ առաջին համալսարաններուն, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններուն միջազգային եռամեայ միջոցառում, դիմագրաւելու համար տեղահաններու եւ գաղթականներու հետ կապուած հրատապ մարտահրաւէրները։

Վիլլանովա համալսարանի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը կը նախորդէ գաղթականներուն յոբելեանին, որ պիտի նշուի հոկտեմբեր 4ին եւ 5ին, ու կը հաւաքէ աւելի քան 40 երկիրներէն 200էն աւելի անձեր՝ մշակելու համար համալսարանական շարք մը գործողութիւններուն ծրագիրներ, որոնք հիմնուած են կրթութեան, հետազօտութեան, պաշտպանութեան եւ գաղթականներու փախստականներուն ծառայութեան վրայ՝ համակարգուած, կարեկցող եւ երկարատեւ ակադեմիական արձագանգները ամրապնդելու համար։
Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը ոգեշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ակադեմիական հանրութեան ուղղած հրաւէրով՝ գաղթականներուն համաշխարհային մարտահրաւէրները լուծելու համար, ինչպէս նաեւ ներշնչուած է Վիլլանովա համալսարանի նախկին աշակերտ Լեւոն ԺԴ Պապին կողմէ, որուն Ակոսթինեան ինքնութիւնը ու համապատասխանութեան կոչը կ՝ուղղորդեն նախաձեռնութեան տեսլականը։

Նախատեսուած է որ նախաձեռնութեան երկրորդ օրը հանդիպումի մասնակիցները հանդիպին Լեւոն ԺԴ Պապին, Մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Չեռնիի գլխաւորած Սուրբ Պատարագէն ետք։
Հանդիպումի կարեւորագոյն նպատակ այն է նպաստել կարեկցանքի վրայ հիմնուած համակարգային փոփոխութեան։ Հանդիպումի մասնակիցները Հռոմէն պիտի մեկնին գործողութիւններու շարք մը նախագիծերով, նոր համաձայնութիւններով ինչպէս նաեւ առաքելութեան վերանորոգուած իմաստով։

Հանդիպումի ծրագիրին համաձայն աշխատանքային առումով չորս խումբերով բաժնուած հանդիպումի ելոյթ պիտի ունենան կարեւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնուհի, Ամի Փոփ, մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, կարիդինալ Ֆապիօ Պաճիօ, Մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութեան քարտուղար գերպ Փոլ Տէսմոնտ Թիկէ եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Հանդիպումի յատուկ տեղ պիտի գրաւէ, քանդակագործ Թիմոթի Շմալզը, որ ուղղակի «Մայր Քապրինիի» ներգաղթի համալսարանի համար պիտի ստեղծէ Սուրբ Ֆրանչէսքա Կապրինին արձանը որուն օրհնութիւնը պիտի կատարուի գագաթնաժողովին աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 11:30