Կարդինալ Կուճերոթթին յիշեց Երանելի «Հոսսու»ն եւ այցելեց կարդինալ Մուրէշամիին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Քլուժ քաղաքին թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Երանելի «Հոսսու»ի յիշատակի արարողութիւնը, ներկայութեամբ քաղաքական, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին, արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի։
«Ես եկայ, որովհետեւ կ՝ուզեմ ձեզ շնորհաւորել այս մարդուն՝ Երանելի Կարդինալ «Հոսսու»ի համար, որ զոհուեցաւ համայնավարական հալածանքներուն ժամանակը եւ որ կը ներկայացնէ խիղճը։ Խիղճը ամենաթանկարժէք արժէք է , որուն մասին հազուադէպ կը խօսուի, բայց այդ մարդոց համար, այդպէս չէր։ Եւ այս խիղճն է, որ մենք կը ցանկանք պատուել», ըսաւ ծիրանաւորը։
Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Կուճճերոթին իր արտասանած ողջոյնի խօսքին աւելցուց ըսելով, «Երկար տարիները որոնք հիւծեցին եպիսկոպոսի մարմինը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցին, եպիսկոպոսները, քահանաները եւ աշխարականները, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիները, ցոյց տուին հաւատքը, քաջութիւնը ու պարզութիւնը, անոնց որոնք վերջին տարիներուն իրենց կեանքի գինով ընտրեցին հաւատքը։
Ռումանիա կատարած այցելութեան ժամանակ, Կարդինալ Կուճճերոթին, այցելեց Ռումանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ծանր հիւանդ վիճակի մէջ գտնուող կարդինալ Լուչան Մուրէսշանիի, աղօթեց ու փոխանցեց Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնաւորուհիներուն, որոնք հաւատարմութեամբ ու մեծ գորովով հոգ կը տանին Կարդինալ Մուրէսշանիի։
Կարդինալ Կուճերոթթին այցելեց նաեւ Յոյսն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Ռումանիոյ ու Մոլտովայի մէջ Առաքելական նուիրական, գերպ Ճանփիերօ Կլոտերին, այցելեց նաեւ Ռումանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ադմաներուն, որոնք այս օրերուն Քլուժ քաղաքին մէջ կը գտնուին ու ստացաւ Քլուժի Պապէս Պոլիայ համալսարանի պատուոյ կոչումը ու դասախօսութիւն կատարեց Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ պատմականօրէն առկայ բազմաթիւ երկիմաստութիւններուն մասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ