«Թող հայ ժողովուրդը, որ այնքան շատ տառապեցաւ՝ յիշենք ցեղասպանութիւնը, վերջապէս կարողանայ խաղաղ շնչել այս աշխարհին մէջ» Կարդինալ Կուճերոթթի
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ օրերուն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն տուաւ Վատիկան եւ Քահանայապետական ամարանոց Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ.-ին հետ ապա այցելութեան ծիրէն ներս Ան առիթը ունեցաւ հանդիպելու նաեւ Վատիկանեան կառոյցներու մի քանի Վերատեսուչներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի հետ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն սկիզբը Կարդինալ Կուճերոթթին բարի գալուստ խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան որուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Ակնյայտ է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի ներկայութիւնը հայ ժողովրդի համար կը նշանակէ իր իսկ գոյութեան իմաստի ներկայութիւն։ Քանի որ յաճախ հայ ժողովուրդը զրկուած եղած է քաղաքական ազատութիւնէն։ Այդ դժուարին ժամանակներուն մէջ հայ ժողովրդի կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, քաղաքացիական արժէքները և անգամ նիւթական աջակցութիւնը վստահուած եղած են Եկեղեցւոյ»։
Կարդինալ Կուճերոթթին ապա ակնարկեց հայ ժողովուրդի քրիստոնէական արմատներուն. «Խօսքը ժողովրդի մը մասին է, որուն մշակութային հարստութիւնն ու սրբավայրերը եզակի են աշխարհի մէջ։ Թեպէտ հայ ժողովուրդը երբեք մեծաքանակ չէ եղած, սակայն եղած է չափազանց աշխատասէր և խորաթափանց։ Եւ ճիշտ այս այդ յատկանիշներու շնորհիւ հայերը կարողացած են բարգաւաճիլ նաեւ հսկայական Սփիւռքի պայմաններուն մէջ՝ մինչև մեր օրերը»։
Ծիրանաւորը ապա «հիանալի, ջերմ եւ ամուր» որակած է հայ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութիւնը, աւելցնելով. «մեզ կը միացնէ բարեկամութիւնը», եւ այս ծիրէն ներս ակնարկած է իր Հայաստանի եւ հարաւային Կովկասի մէջ մատուցած ինը տարուայ ծառայութեան որպէս Պապական նուիրակ ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ մշակոյթն ու աստուածաբանութիւնը մշակելու ունեցած հնարաւորութեան։
«Տարիներու այս յարաբերութիւնները պտղաբեր եղած են` ի բարօրութիւն հայ ժողովրդի և Եկեղեցւոյ» յարեց ապա Կարդինալ Կուճերոթթին մատնանշելով Վազգէն Կաթողիկոսի օրերուն երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին դարձաւ միակ ուղղափառ եկեղեցին, որ Հայ Կաթողիկէ հոգևորական մը հրաւիրեց Հայաստան՝ ծառայելու հայ կաթոլիկներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ զրկուած էին այդ կարելիութենէն։ Եւ այդ ամէնը եղաւ առանց հակասութեան, եղբայրական համաձայնութեամբ» նշեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը հաստատելով նաեւ որ այդ մէկը կարելի դարձաւ շնորհիւ
Վազգէն Կաթողիկոսի և առաջին հայ կաթողիկէ եպիսկոպոս Ներսէս Ներսեսեանի ջերմ ու խորին բարեկամութեան շնորհիւ։ «Վազգէն Կաթողիկոսը ժամանակին Ռումանիայի հայերու հոգևոր առաջնորդն էր, իսկ Ներսէս Ներսեսեանը՝ ռումանահայ քահանայի զաւակ։ Անոնց յարաբերութիւնները մնացին անփոփոխ, ջերմ, նոյնիսկ համայնավարական ծանր տարիներուն։ Հիմա, կարելի է նոյնիսկ ամբողջ գիրք մը գրել այս կապերու մասին» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը հուսկ բոլորի անունով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ըսաւ. «Բարով եկաք։ Ասիկա ձեր տունն է»։
Ան ապա Նորին Սուրբ Օծութեան վստահեցուց իր աղօթքները, զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը. «Թող այս ժողովուրդը, որ այնքան շատ տառապեցաւ՝ յիշենք ցեղասպանութիւնը, վերջապէս կարողանայ խաղաղ շնչել այս աշխարհին մէջ որ, ցաւօք, բոլորիս համար երթալով կը դառնայ աւելի դժուար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ