Խաղաղութեան համար քայլարշաւ Խաղաղութեան համար քայլարշաւ 

Սուրբ Աթոռ. Անհրաժեշտ է երիտասարդները կրթել մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Արք. Քաչիա ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է օգնել երիտասարդներուն խուսափելու հակամարտութիւններէն, յանցագործութիւններէն եւ բռնութեան ներկայ դարաշրջանի հետ կապուած վտանգներէն։ Ծնողները, ուսուցիչները, քաղաքական գործիչները, լրագրողները, կազմակերպութիւնները եւ կրօնական խումբերը կանչուած են կարեւոր դեր խաղալու խաղաղութեան մշակոյթ մը ստեղծելու գործին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Զինուած հակամարտութիւնները ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս տեղահանութիւնը, արմատականութիւնումը եւ բռնութիւնը, յատկապէս առցանց, վտանգեր են որոնց հետ դէմ յանդիման կը գտնուին երիտասարդները եւ որոնք մեծ մտահոգութեան աղբիւր կը նկատուին Սուրբ Աթոռի համար։ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի դիտորդ Արք Կապրիէլէ Քաչիա այս մտավախութիւնները յայտնեց երիտասարդներուն ապագային վերաբերեալ , սեպտեմբեր 2ին, Նիւ Եորքի մէջ «Երիտասարդներուն ուժ տալ խաղաղութեան մշակոյթին մը համար» խորագրով ֆորումի ընթացքին արտասանած ելոյթին մէջ։

Երիտասարդները կրթել յարգանքի

Որպէսզի երիտասարդները «մշակեն եւ խթանեն ընկերային բարեկամութիւնները» բացատրեց արք Քաչիա, անոնք պէտք են խրախուսուիլ եւ աջակցուիլ, ու այդպէսով պիտի կարենան զարգացնել « բոլոր տարբերութիւններուն գնահատումը, երկխօսութեան նախընտրութիւնը՝ առճակատումի փոխարէն, ընդհանուր բարիքի համագործակցութեան հետապնդումը՝ յարգելով մարդկային արժանապատուութիւնը»։

Յիշելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստի կողմէ ընդունուած խաղաղութեան մշակոյթին մասին հռչակագիրի 4-րդ եւ 8-րդ յօդուածները, ուր նշուած է «կրթութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ, խաղաղութեան մշակոյթ կառուցելու հիմնական միջոցներէն մին է ու կարեւոր դեր ունի խաղաղութեան մշկայոյթի զարգացման մէջ։ Արք Քաչիա նշեց որ կրթութեան պարտականութիւնը կը պատկանի ծնողներուն, ուսուցիչներուն, քաղաքական գործիչներուն, լրագրողներուն եւ կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնց ներքեւ երիտասարդները կը կազմաւորուին արժէքներու, ապրելակերպերու՝ հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար՝ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքով եւ խտրականութեան բացառումի ոգիով»,  ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը։

Խթանել խաղաղութիւն

Յիշելով անցեալ Օգոստոս ամիսը հռոմ հասած միլիոններով երիտասարդները՝ Երիտասարդաց Յոբելեանին համար, արք Քաչիա յիշեց «եղբայրութեան եւ բարեկամութեան փոխող ուժը, արժէքները որոնք կարող են ձեւաւորել նոր աշխար մը ուր երկխօսութիւնը եւ ոչ թէ զէնքերը կը լուծեն հակամարտութիւնները։

Եզրափակելով՝ Արքեպիսկոպոսը յիշեց Լեւոն ԺԴ.ի 2026 թուականի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամի թեման«։ խաղաղութիւն ձեզի բոլորի, «զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութիւն, մաղթեց որ երիտասարդները կարողանան «ընդունիլ  այդ հրաւէրը, հոն ուր որ կ՝ապրին, իրենց ընտանիքներու եւ բարեկամներուն միջեւ, դպրոցը, աշխատանքի վայրի եւ մարզանքի ատեն, հռչակելով իսկական յոյսի եւ խաղաղութեան խթանման պատգամը, խթանելով ժողովուրդներու միջեւ ներդաշնակութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2025, 09:05