2019.03.17 fungo atomico, bomba atomica, Hiroshima, esplosione, distruzione

Սուրբ Աթոռ. Նախայարձակման միջուկային հռետորաբանութեան վերածնունդը մտահոգիչ է

ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապ. Կապրիելէ Քաչչա, ընդգծեց Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը աշխարհի մէջ ռազմական ծախսերու զգալի աճի վերաբերեալ, միշտ աւելի կործանարար զէնքերով, որոնք յաճախ ի հաշիւ են մարդկային համապարփակ զարգացման ի սպաս ներդրումներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Խաղաղութեան ուղղութեամբ շարժելու փոխարէն, աշխարհը, կարծես, կը շարժի հակառակ ուղղութեամբ՝ աւելի ու աւելի կործանարար զէնքերու մտահոգիչ զարգացմամբ։ Այս մասին արտայայտուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապ. Կապրիելէ Քաչչա, երէկ Նիու Եորքի մէջ կայացած գլխաւոր համաժողովի բարձր մակարդակի լիագումար նիստի ժամանակ, որ նուիրուած էր Միջուկային փորձարկումներու դէմ պայքարի միջազգային օրուան։

Ան իր եւ Սուրբ Աթոռին խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց նախայարձակ միջուկային հռետորաբանութեան վերածնունդի և համաշխարհային ռազմական ծախսերու աւելացման ի տես, որոնք յաճախ ի հաշիւ են մարդկային համապարփակ զարգացման ի սպաս ներդրումներուն։

Յիշելով առաջին միջուկային ռումբի պայթումը, ութսուն տարիներ առաջ եւ իրականացուած երկու հազարէ աւելի միջուկային փորձարկումները Գերապ. Քաչչա ընդգծեց անոնց առողջութեան, մարդու իրաւունքներու և շրջակայ միջավայրի, մասնաւորապէս՝ բնիկ ժողովուրդներու, կանանց և մանուկներու վրայ ունեցած կործանարար հետևանքները եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց մտածելու նման փորձառութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համատեղ պատասխանատուութեան մասին, դատապարտելով պատերազմական հռետորաբանութեան վերադարձը և ամենաաւերիչ զէնքերու օգտագործման աճը։

Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ միջուկային զէնքէն զերծ աշխարհի մը համար պայքարը ոչ միայն ռազմավարական է, այլեւ բարոյական, որ կը պահանջէ բազմակողմանի երկխօսութիւն և զինաթափման պայմանագրերու իրականացում, այս ծիրէն ներս կարեւորելով Միջուկային փորձարկումներու արգելման պայմանագիրը և Միջազգային հսկողութեան համակարգը, Միջուկային զէնքի արգելման պայմանագիրը նկատելով` հիմնական քայլ հասնելու համար մնայուն եւ իրական խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 12:16