Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային հանդիպում. Զինաթափման խօսքեր՝ Երկիրը զինաթափելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս տաճարի կողմէ սեպտեմբեր 12ին եւ 13ին կազմակերպուած միջոցառումի երրորդ փուլի շրջանակներէն ներս, Հռոմի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «G20 տեղեկատւութիւն» խորագիրով կլոր սեղանի քննարկում՝ կեդրոնանալով պատերազմներէն եւ հակամարտութիւններէն քանդուած աշխարհի մէջ տեղեկատւութեան թափանցիկութեան եւ ազատութեան վրայ
Ներկայ ժամանակի երեք հորիզոնները՝ ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ արժանապատուութիւն
Միջոցառումի կազմակերպիչ Հայր Էնցօ Ֆորթունաթօ միջոցառումի բացումը կատարեց ընդգծելով որ ճշմարտութեան, ազատութեան եւ արժանապատւութեան երեք սկզբունքները պէտք չէ որ անտեսուին տրուած ըլլալով որ որ ճշմարտութիւնը յաճախ խեղաթիւրուած է, մամուլի ազատութիւնը սպառնալիք տակ է, բազմաթիւ լրագրողներ հետապնդուած են, մարդոց արժանապատուութիւնը վտանգուած է ատելութեան, զրպարտութեան քարոզարշաւներուն պատճառով, ուր խօսքերը կարող են աւելի շատ վնասել քան զէնքերը։ Հայր Ֆորթունաթօ կոչ ուղղեց պաշտպանելու այդ արժէքները, որպէս մարդկութեան ընդհանուր բարիքները
Լրատուամիջոցներուն պատասխանատուութիւնը եւ ալկորիթմի մարտահրաւէրները
Կլոր սեղանի ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ տիար Փաուլօ Ռուֆֆինի, ան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց տեղեկատուութեան կարեւոր դերը ապագայ կառուցելու գործին մէջ պնդելով որ լրատուամիջոցները պէտք է որ պահպանեն «լաւ եւ վատ լրագրութեան միջեւ սահման մը, զանազանելով ճշմարտութեան որոնումը կեղծ լուրերու տարածումէն։
Ան յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Լեւոն ԺԴ Պապին խօսքերը բարերու զինաթափման վերաբերեալ, հասկցուած որպէս նախապաշարումները, ատելութիւնը եւ մոլորեցնող հաղորդակցութիւնները վերացնող գործընթաց
Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսուչը զգուշացուց ալկորիթմի կարողութենէ, որոնք կարող են մարդիկ բանտարկել պղպջակներու մէջ, որոնք կը հաստատեն իրենց կարծիքները, ստեղծելով աշխարհ մը, որ զուրկ է միտքի իրական ազատութենէն։
Մարտահրաւէրը այն որ պէտք է դիմակայել այս մաշումին եւ յոյսն ու ճշմարտութիւնը վերադարձնենք պատմութեան կեդրոնը՝ լրագրողները մարզելով որակեալ բովանդակութիւն ստեղծելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ