Սուրբ Պետրոս տաճարը Սուրբ Պետրոս տաճարը 

Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի եւ նոր վեց սուրբերու կենսագրականը

Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ, Կիրակի 19 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Երանելի Իգնատիոս Մալոեանի հետ միասին Սուրբ հռչակուեցան այլ 6 երանելիներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 19 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Երանելի Իգնատիոս Մալոեանի հետ միասին Սուրբ հռչակուցեան այլ 6 երանելիներ որոնց կը ներկայացնենք հակիրճ կենսագրութիւնները։

Երանելի Ինգատիոս Մալոեանը

Երանելի Իգնատիոս Մալոեանը՝ Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի հայ արքեպիսկոպոսը, ծնած էր 1869 թուականին՝ նոյն քաղաքին մէջ, ուր դարձած է արքեպիսկոպոս։ Ան Լիբանանի մէջ ձեռնադրուած է Քահանայ անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան եւ Եգիպտոսի մէջ մի քանի տարի քահանայական ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, օծուած է եպիսկոպոս։ Բանտարկուած ըլլալով շատ մը ուրիշ հաւացեալներուն հետ միասին, խնդրած են, իրմէ որ հրաժարի իր հաւատքէն իր կեանքը փրկել կարենայու համար։ Բայց Ան մինչ վերջ վճռական օրէն դիմադրելով սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար՝ 1915 թուականին յունիս 11ին, Յիսուսի սուրբ Սիրտ տօնին օրը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 2001 թուականին Հռոմի մէջ գլխաւորեց Անոր երանացման արարողութիւնը։

Երանելի Փիթեր Թօ Ռօթ

Երանելի Փիթեր Թօ Ռօթ, եղած է աշխարական հաւատացեալ մը եւ կրօնուսոյց, 1945 թուականին յուլիսին տուած է իր նահատակութեան բարձրագոյն վկայութիւն։ Այսօրուան սրբադասումով Ան կը դառնայ Փափուա Նովա Կինէայի առաջին սուրբը որ ծնած եւ մահացած է Նոր Պրթաիանիա կղզիի մէջ՝ 1912ին։ Երանելի Թօ Ռօթ ամուսնացած է եւ ունեցած է երեք երեխաներ։ Որպէս կրօնուսոյց համագործակցած է միսիոնարներուն աւետարանումի առաքելութեան համար։

Ճափոնական բանակը գրաւելով իրենց կղզին եւ ձերբակալելով Եւրոպացի միսիոնարներ, Երանելի Փիթեր Թէ մնացած է տեղական քրիստոնէական համայնքի համար յենակէտ ու բացայայտօրէն դէմ եղած է բազմակնութեան օրինականացումին՝ հաստատուած կղզին գրաւողներուն կողմէ՝ բնակչութեան բարեհաճութիւնը շահելու համար ապա դատուած եւ դատապարտուած է երկու ամիս ազատազրկումով ։ Պատիժը կրելէ յետոյ սպանած են զինք ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով երանելի հռչակուեցաւ 1995 թուականին Փորթ Մորէսպիի մէջ։

Երանելի վինչէնցա Մարիա Փոլոնի

Երանելի վինչէնցա Մարիա Փոլոնի եղած է Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ գտնուող «Ողորմութեան քոյրեր» միաբանութեան հիմնադիրը, ուր ծնած է 1802 թուականինն։ Երանելի Քարլօ Սթիպի հոգեւոր առաջնորդութեամբ սկսած էր իր մասնագիտական որոնումները՝ աշխատելով որպէս կամաւոր կրկնուող հիւանդութիւններուն համար իր քաղաքի «Փիօ Ռիքովերօ» բարեգործական հաստատութեան մէջ ու միեւնոյն հաստատութեան մէջ իր երեք ընկերուհիներով սկիզբ տուած է Ողորմութեան քոյրերու միաբանութեան, որպէս հիւանդապահուհի հոգ տարած է հիւանդներուն ապրելով իր համայնքին մէջ հաւատքի եւ բարեգործութեան խոր փորձառութիւն։ Ան բեռ չդառնալու համար ուրիշներուն,
թաքցուած մնալով իր լուռ տառապանքներուն մէջ վախճանեցաւ 11 նոյեմբեր 1855ին ու 2008ին, Պենետեստոս ԺԶ-ի օրով հռչակուեցաւ Երանելի ։

Երանելի Մարիա Քարմէն Ռէնտիլէս Մարթինէզ

Երանելի Մարիա Քարմէն Ռէնտիլէս Մարթինէզ ծնած է 1903ին, եւ 24 տարեկանին մտած է «Յիսուսի Սուրբ խորհուրդի անուան կրօնաւորուհիներուն միաբանութիւն։ Ան մահացած է 9 մայիս 1977ին, Քարաքասի մէջ։ Այն ժամանակ եր իր միաբանութիւնը աշխարական հաստատութիւն դառնալով Երանելի Մարիա Քարմէն իր մի քանի միաբանակիցներուն հետ փափաքելով ապրիլ իրենց կրօնական կոչումը խնդրեցին կեանք տալ նոր միաբանութեան՝ որ կը շարունակէ իրենց նոյն սէրը սուրբ Հաղորդութեան եւ քահանաներուն ծառայութեան հանդէպ։ Իր կեանքի վերջին տարիները յատկանշուեցաւ արկածի հետեւանքներով, ինչ որ դժուարացուց իր միաբանութեան համար աշխատանքը։ 2018ին Ֆրանչիսկոս Պապին օրով հռչակուեցաւ երանելի։

Երանելի Մարիա Թրոնքաթթի

Երանելի Մարիա Թրոնքաթթի ծնած է Իտալիոյ Պրէշիա քաղաք՝ 1883ին, որպէս կրօնաւորուհի Figlie di Maria Ausiliatrice միաբանութեան մեկնած է Էքուատոր՝ մղուած Սուրբ Տօն Պոսքոյի շնորհապարգեւէն։ Առաջին երեք տարիները կառավարելով բուժարան մը որոշած է թափանցել անտարներուն խորքը եւ աշխատիլ որպէս միսիոնարուհի։ Ան պաշտպանած է անտարներու մէջ ապրող այր մարդոց եւ կիներուն իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։ Մահացած է օդանաւի վթարի հետեւանքով՝ 1969 թուականին, օգոստոս 25ին։ Երանելի հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ օրով 2012 թուականին։

Երանելի Խօրխէ Կրէկորիօ Հերնանտեզ Չիսներոս

Երանելի Խօրխէ Կրէկորիօ Հերնանտեզ Չիսներոս ծնած է Վենեզուելլա՝ 1864 թուականին։ Ուսանած է բժշկութիւն Քարաքասի համալսարանին մէջ ապա Փարիզի մէջ՝ Վենեզուելլային իշխանութիւններուն օգնութեամբ մասնագիտացած է բժշկական գիտութիւններուն մէջ ու իր հայրենիքն մէջ հիմնած է տարբեր համալսարաններ։ Դասաւանդած է բժշկութիւն, հրապարակած է տարբեր ուսումնասիրութիւններ եւ ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ։ Սակայն ամենէն առաջ դարձած է յայտնի աղքատներուն բժիշկը, աղքատուներուն մատուցանելով անվճար բժշկական ծառայութիւն նոյնիսկ դեղեր քնելով անոնց համար։
Այս տեսակ բարեգործութեան համար իրականացուց իր ձգտումը դէպի նուիրեալ կեանքը։ Ան մահացած է ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով՝ մինչ դեղեր տանելու ժամանակ հիւանդ մանուկի մը՝ 29 յունիս 1919ին։ Երանելի հռչակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին օրով 2021 թուականին։

Իտալացի Երանելի Պարթոլօ Լոնկօ

Իտալացի Երանելի Պարթոլօ Լոնկօ։ ծնած Լաթիանօ քաղաք 1841ին։ Երիտասարդութեան ժամանակ հաւատքի խոր տագնապ ապրելէ ետք դարձած է առաքեալ եւ վարդարանի աղօթքի քարոզիչ ու անդամակցելով Տոմենիքեան միաբանութեան

Սկիզբը Երանելի Լոնկօ Փոմէի հովիտը գնաց այրի Տէ ֆուսքոյին շահերուն հոգ տանելու համար, որ յետագային դարձաւ է իր կինը։ Փոմփէի մէջ որոշեց հոգ տանիլ այնտեղ ապրող բնակիչներուն նիւթական եւ հոգեւոր կարիքներուն։ ու Այսպէսով ծնաւ է այն ինչ որ այսօր կը կոչենք Փոմփէի Սրբավայրը, Սուրբ Կոյսի վարդարանի պատկերով, որ Պարթոլօ Լոնկոն այնտեղ տարաւ 1875ին։

Եկեղեցւոյ մօտ կնոջ հետ միասին, Ան բացաւ որբանոց եւ ապաստանարաններ բանտարկեալներուն երեխաներուն համար։ Մահացաւ 1926 թուականին հոկտեմբեր 5ին։ 1980 թուականին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ գլխաւորեց անոր երանացման արարողութիւնը։

Իր երկրային ուխտագնացութիւն աւարտելէ առաջ Վերջին ամիսններուն Ֆրանչիսսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ Սուրբերու դատի վերատսեչութեան հրապարակելու, Աստուծոյ կողմէ Երանելի Մարիան վինչէնցօ Փոլոնի, Մարիա Քարմէն Ռէնտիլէ Մարթինէսի եւ Մարիա Թրոնքալի բարեխօւուած հրաշքներու վերաբերեալ հրամանագիրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2025, 10:21