2025.10.17 San Ignazio Maloyan

Մալոյեանի  սրբադասման դատի Խնդրարկու` Հայր Քարլօ Քալլոնի. Մալոյեանը գիտցաւ պաշտպանել իր հօտը

Մալոյանը Եպիսկոպոս ու մարտիրոս է Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Ան հովիւ մըն է, որ գիտցաւ իր կեանքը զոհել իր հօտին, իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն համար։ Անոր կեանքը եղաւ կարճ, միայն 46 տարի,1869էն մինչեւ 1915 եւ այս հակիրճ ժամանակաշրջանին մէջ Ան գիտցաւ հոգ տանիլ հօտին, պահպանել զայն եւ որպէս կեանքի ամենանշանակլից արարք մը, տեղահանութեան ժամանակ գիտցաւ պաշտպանել իր հօտը ու իր արիւնը դափել Քրիստոսի սիրոյն համար, քաջալերելով նաեւ իր հետ եղողները չուրանալու եւ հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 17 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ զրոյց մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան յառաջիկայ Կիրակի օր Սուրբ հռչակուելիք եօթը Երանելիները, մասնակցութեամբ երանցման եւ սրբադասման դատերու խնդրարկուներուն որոնց շարքին է նաեւ Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Քարլօ Քալլոնի, Իգնատիոս Եպիսկ. Մալոյեանի սրբադասման դատի խնդրարկուն։

Միսիոներական Համաշխարհային Օրը եւ նոր Սուրբերը

19 Հոկտեմբերին, Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առիթով, Մարտինի Հայ Կաթողիկէ նահատակ Արքեպիսկոպոսին հետ միասին սուրբերու շարքին պիտի դասուին այլ վեց երանելիներ. Փափուա Նոր Կինէայէն Peter To Rot աշխարհական կրօնուսոյցը, որ սպաննուեցաւ 1945-ին, ճափոնցիներու կողմէ սահմանուած արգելքին հակառակ իր առաքելական ծառայութիւնը շարունակելու համար: Ան պիտի դառնայ Փափուա Նոր Կինէայի առաջին սուրբը։ Peter To Rot Երանելիի Սրբադասման դատին Խնդրարկուն է Հայր Ֆերնանտօ Քլեմենթէ Սանթոսը։

Սուրբ կը հռչակուի նաեւ Երանելի Vincenza Maria Poloni` Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնադիրը, ծնած 1802  թուականին ու մահացած 1855 միշտ Վերոնայի մէջ։ Խնդրարկուն է Տիար Փաոլօ Վիլոթթան։

Սուրբերու շարքին կը դասուի նաեւ Երանելի Maria del Monte Carmelo Rendiles Martínez Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադիրը, Վենեցուելլացի, ծնած 1903-ին ու մահացած 1977ին։ Խնդրարկուն է Սիլվիա Մոնիքա Քորրէալէն, որ Խնդրարկուն է նաեւ աշխարհական José Gregorio Hernández Cisneros վենեզուելլացի բժիշկին, Ֆրանչիսքեան միաբանութեան աշխարհական կարգի անդամ, որ ճանչցուած էր որպէս աղքատներու բժիշկը, տրուած ըլլալով, որ Ան անվճար կը խնամեր աղքատները։

Սուրբ կը հռչակուի Քրիստոնեաներու Օգնական Մարիամի դուստրեր միաբանութենէն, Երանելի կրօնաւորուհի Maria Troncatti-ին (1883 - 1969) Խնդրարկուն է Հայր Փիերլուճի Քամերոնի, իսկ Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին հիմնադիր եւ յառաջւկայի սուրբ Երանելի Պարթոլօ Լոնկոյի (1841 - 1926) սրբադասման դատի խնդրարկուն է Հայր Անթոնիօ Մարրացցոն։

Հայր Քարլոյի միջամտութիւնը 

Մամլոյ զրոյցին ընթացքին Հայր Քարլոն ներկայացնելով մօտ օրէն Սուրբերու շարքին դասուող նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանը ըսաւ. «Մալոյանը Եպիսկոպոս ու մարտիրոս է Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Ան հովիւ մըն է, որ գիտցաւ իր կեանքը զոհել իր հօտին իր հասարակութեան, իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն համար։ Անոր կեանքը եղաւ կարճ, միայն 46 տարի, 1869էն մինչեւ 1915 եւ այս հակիրճ ժամանակաշրջանին մէջ Ան գիտցաւ հոգ տանիլ հօտին, պահպանել զայն եւ որպէս կեանքի ամենանշանակլից արարք մը, տեղահանութեան ժամանակ գիտցաւ պաշտպանել իր հօտը ու իր արիւնը դափել Քրիստոսի սիրոյն համար, քաջալերելով նաեւ իր հետ եղողները չուրանալու եւ հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին։

Կիրակի օրուայ պատարագը

Այս առիթով յիշեցնենք, որ Նահատակ Մալոյանի եւ միւս վեց երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի օր` 19 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ու մասնակցութեամբ վերոնշեալ Երանելիներու ծագման կամ առաքելութեան երկիրներէն ժամանած բարձրաստիճան եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու որոնց շարքին Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշել Աունը եւ Հայաստանի Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը։

Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի հուսկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու ու կղերական դասին հետ միասին, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկրներէն ժամանած 1500 հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ ու տարբեր վայրերէն հրաւիրուած լրագրողներ ու լրատուական մարզի գործիչներ։

Յայտնենք` որ այսօրուընէ սկսեալ Մալոյեանի սրբանկարը զետեղուեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի ճակատին վրայ, միւս Երանելիներու սրբանկարներուն հետ միասին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 13:08