Վատիկանի դիւանագիտութիւնը կը ծառայէ ընդհանուր բարօրութեան, ոչ թէ՝ մասնաւոր շահերուն․ Գերապայծառ Կալլակէր
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Մօտ ըլլալը» դիւանագիտութեան խորագոյն իմաստն է, որ կը ծառայէ ընդհանուր բարօրութեան, այլ ոչ թէ՝ մասնաւոր շահերուն: Ճիշտ այս հեռանկարով կ’ուղղորդուի Սուրբ Աթոռը պետութիւններու հետ յարաբերութիւններէն ներս իր գործողութիւններու մէջ», յայտարարած է Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրը, 13 Հոկտեմբերին, Հռոմի Սան Քալիսթօ պալատի Պիոս ԺԱ-ի անուան դահլիճին մէջ “Carità Politica” ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Մօտ ըլլալ յոյսի մէջ. Կրօններու վկայութիւնը եւ քաղաքական գթասիրութեան դիւանագիտութիւնը»» բնաբանով հանդիպումին ընթացքին։
Յոյսը վերածել «դիւանագիտական գործողութեան»
«Մօտ ըլլալը», ըստ Գերապայծառ Կալլակէրի, դիւանագիտութեան սիրտն է։ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը, բացատրեց ան, կը հիմնուի «աշխոյժ չէզոքութեան» վրայ, որ չի նշանակեր անտարբերութիւն, այլ յանձնառութիւն ծառայելու մարդկային կայունութեան եւ «ընդհանուր բարօրութեանը» ՝ «մասնաւոր շահերէն», աշխարհաքաղաքական պատնէշներէն եւ գաղափարախօսական օրինաչափութիւններէն անդին, «որոնք միշտ աւելիով դժուար է բացայայտել»։
Բարի Սամարացիի Աւետարանական առակը, ըստ այդմ, կը դառնայ գործողութեան ձեւաչափ, «վիրաւոր մարդու հանդէպ առարկայական եւ երկարատեւ պատասխանատուութեան ստանձնում»՝ միաւորելով տեսլականը, գործողութիւնը, սկզբունքներն ու մարդիկը։ Այս քահանայապետական դիւանագիտութիւնը, շարունակեց Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան պաշտօնեան, իր արտացոլումը կը գտնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ մօտիկութեան, Քոլոմպիայի խաղաղութեան գործընթացի, ինչպէս նաեւ Վիեթնամի եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու համբերատար կառուցման մէջ։
Սուրբ Աթոռի իւրաքանչիւր միջամտութիւն, ընդգծեց Արքեպիսկոպոսը, ուղղուած է ընդհանուր բարօրութեան խթանման եւ կը վերածէ յոյսը առարկայական «դիւանագիտական գործողութեան», որ պարզապէս «միամիտ լաւատեսութիւն մը» չէ այլ «վտանգներու գնահատման» վրայ հիմնուած գործողութիւն, որ առանց համակերպուելու կը մերժէ այն ենթադրութիւնը թէ՝ անհնար է երկխօսիլ եւ «ամենաբիւրեղացուած» իրավիճակները վերափոխել։
Անյետաձգելի կարիքներու եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի միջեւ
Վատիկանի դիւանագիտութիւնը կը գործէ երկու ժամանակային մակարդակներու վրայ. Մէկ կողմէ՝ կ’արձագանքէ անյապաղ կարիքներուն, որ են՝ ճգնաժամերը, հակամարտութիւնները, արտակարգ իրավիճակները, իսկ միւս կողմէ՝ կը պահպանէ երկարաժամկէտ տեսլական՝ անկախ ընտրական շրջափուլերէն:
Անդրադառնալով աշխարհաքաղաքական շրջագիծէն ներս մոլեգնող հակամարտութիւններուն եւ լարուածութեան, Գերապայծառ Կալլակէրը նշեց միջնորդական գործընթացներու դժուարութիւնները եւ «համապարփակ կայունացման» բարդութիւնը՝ ընդգծելով միաժամանակ, որ արհեստագիտութիւններու արագացման եւ բնապահպանական ճգնաժամի մարտահրաւէրները, կը պահանջեն «համագործակցութեան նոր շրջանակներ»։
Երկխօսութիւն եւ բարոյական սկզբունքներ
Ան նաեւ նկատեց, որ աշխարհի մեծ մասի Երկիրներու հետ յարաբերութիւններու պահպանումը երբեմն կը պարունակէ «բռնատիրական վարչակարգերու նկատմամբ չափազանց յարմարուողական» ընկալուելու վտանգը։
Դիւանագիտականներկայութիւնը «միակ միջոցն» է՝ ազդելու այն համակարգերու վրայ, որոնց այլապէս «դժուար պիտի ըլլար հասնիլ», յարեց Գերպ․ Կալլակէրը։
Սուրբ Աթոռի բարոյական հեղինակութիւնը, որ կը բխի նիւթական շահերէ զուրկ ըլլալէն, թոյլ կու տայ յղում կատարել բարոյագիտական սկզբունքներուն՝ «նոյնիսկ անյարմարութեան պարագային»։ Լսելը, սակայն, «միշտ չէ, որ երաշխաւորուած է». կոչերը կարող են չլսուիլ, յատկապէս, երբ կը բախուին «անմիջական աշխարհաքաղաքական շահերու» հետ։ Սակայն, բաց ուղիներ պահպանելու համոզմունքը, ի վերջոյ, կարող է հանգեցնել «միջամտութիւններու, որոնք հանրային դատապարտումներէն աւելի արդիւնաւէտ են»։
Խօսքը գրեթէ երբեք «բացարձակ բարիի» եւ բացարձակ չարի» միջեւ ընտրութեան մասին չէ, որու պարագային չէզոքութիւնը, ընդհակառակը կարող է խոչընդոտ դիտուիլ, երբ համատեքսթերը կը պահանջեն «առաւել յստակ դիրքորոշումներ»։
Գաղթականութիւն, խաղաղութիւն եւ բազմակողմնութիւն
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ գաղթականութեան նիւթին, որ ըստ անոր պէտք է լուծուի «համալիր մօտեցումով»՝ վերլուծելով արմատականպատճառները եւ արտակարգ իրավիճակը կենսամիջոցի վերածելով:
Ինչ կը վերաբերէ զինուած հակամարտութիւններուն եւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ յիշատակած «մաս մաս համաշխարհային Գ․ պատերազմին» Արքեպիսկոպոսը կոչ ըրաւ մշակել «խաղաղութեան աստուածաբանութիւն», որ անդին կ’անցնի պատերազմի պարզ բացակայութենէ՝ ժողովուրդներու միջեւ արդար յարաբերութիւններ կառուցելու համար: Միջկրօնական երկխօսութիւնը ինչպէս նաեւ բազմակողմանիութեան խթանումը, որ կը բխի համոզմունքէն եւ ոչ թէ գաղափարախօսութենէն, կը մնայ քահանայապետական դիւանագիտութեան առանձնաշնորհեալ ոլորտ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ