Գերապ. Կալլակէր դատապարտեց Միանմարի մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի ծիրէն ներս 30 սեպտեմբեր 2025-ին Նիու Եորքի մէջ կայացած բարձր մակարդակի համաժողովի ժամանակ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր խոր մտահոգութիւն յայտնեց Միանմարի Ռոհինճաներու և այլ փոքրամասնութիւններու ապրած իրավիճակի վերաբերեալ։
Ան յիշեց մէկ միլիոն 200 հազարէ աւելի գաղթական Ռոհինճաները, Հիմնականին մէջ Պանկլատէշի մէջ, ուր անոնք կ՛ապրին ծայրայեղ դժուար պայմաններուն մէջ:
Միանմարի մէջ կը մնան մօտ 630,000 մարդ՝ առանց քաղաքացիութեան և բռնութեան, սովի ու խտրականութեան զոհ, ըսաւ ի միջի այլոց Գերապ. Կալլակէրը, դատապարտելով մարդասիրական օգնութիւններու պակասը ու վերանորոգելով Սուրբ Աթոռին կոչը` որոնելու երկարատեւ լուծումներ, դիմագրաւելու համար ճգնաժամին պատճառները, խթանելով ազգային հաշտութիւն եւ կրօնի ազատութիւն։
Վատիկանի ներկայացուցիչը վերահաստատեց` որ իւրաքանչիւր անհատ ունի իր սեփական արժանապատւութիւնը եւ հիմնական իրաւունքներ ու թէ ցեղային կամ կրօնական խտրականութիւնը դատապարտելի է։ Ան խօսքը աւարտեց յիշեցնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը ի սպաս ներառական երկխօսութեան` որպէս խաղաղութեան տանող միակ ճանապարհ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ