Ֆաթիմայի Տիրամայրը Ֆաթիմայի Տիրամայրը 

Մարեմեան հոգևորականութեան Յոբելեանը. Յարգանքի տուրք Ֆաթիմայի Աստուածածնայ

Յոբելենական այս երկու օրերու ընթացքին Հռոմի մէջ բացառիկ կերպով ներկայ պիտի ըլլայ Ֆաթիմայի Երևումներու սրբավայրին մէջ պահուող Սուրբ Կոյսի բնօրինակ արձանը, որ Շաբաթ` 11 հոկտեմբերի երեկոյեան «Santa Maria in Traspontina» Եկեղեցիէն թափօրով պիտի տեղափոխուի Սուրբ Պետրոս հրապարակ ուր պիտի տեղադրուի հրապարակի կեդրոնական ամպիոնի վրայ ուր ժամը վեցին նախատեսուած է Խաղաղութեան ի սպաս Սուրբ Վարդարանի աղօթքը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 11 եւ Կիրակի 12 հոկտեմբերին Յոյսին նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուան ծիրէն ներս տեղի կ՛ունենայ Մարեմեան հոգեւորականութեան ուխտագնացութիւնը` որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երեսուն հազարէ աւելի ուխտաւորներ, որոնց շարքին Մարեմեան Սրբավայրերու մեծաւորներ եւ գործիչներ, Մարեմեան ընկերակցութիւններու ու շարժումներու անդամներ եւ աղօթքի խումբեր որոնք ժամանած են աշխարհի հարիւր երկիրներէ։

Ֆաթիմայի Տիրամայրը

Յոբելենական այս երկու օրերու ընթացքին Հռոմի մէջ բացառիկ կերպով ներկայ պիտի ըլլայ Ֆաթիմայի Երևումներու սրբավայրին մէջ պահուող Սուրբ Կոյսի բնօրինակ արձանը, որ Շաբաթ` 11 հոկտեմբերի երեկոյեան «Santa Maria in Traspontina» Եկեղեցիէն թափօրով պիտի տեղափոխուի Սուրբ Պետրոս հրապարակ ուր պիտի տեղադրուի հրապարակի կեդրոնական ամպիոնի վրայ ուր ժամը վեցին նախատեսուած է Խաղաղութեան ի սպաս Սուրբ Վարդարանի աղօթքը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Կոյսին եւ Ֆաթիմայի Սրբավայրին պիտի նուիրէ ոսկեայ վարդ մը։

Վարդարանի աղօթքի ժամանակ իւրաքանչիւր տասը հատիկներէն ետքը պիտի ընթերցուին Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի Սուրբ Կոյս Մարիամի Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ Խորհուրդին մէջ դերին նուիրուած «Lumen Gentium» փաստաթուղթի ութերորդ գլուխէն հատուածներ յիշատակելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովին բացման տարեդարձը` 11 հոկտեմբեր 1962-ին։ Վարդարանի աղօթքէն ետքը նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը` հայցելու համար խաղաղութեան շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 08:00