Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարի. Նուիրեալ կեանքի անդամներուն յոբելեանը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
8-էն-12 հոկտեմբերին, Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս կը նշուի Նուիրեալ կեանքի յոբելեանը, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, վանականներուն, աշխարհական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կրօնաւորական կեանքի Նոր ձեւերուն պատկան անդամներուն մասնակցութեամբ։
Աւելի քան 100 երկիներէն ժամանած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կրօնաւորական կեանքի յոբելեանը, կազմակերպուած է Կրօնական կեանքի նուիրուած հաստատութիւններուն վերատեսչութեան կողմէ։
Յոբելեանի պիտի մասնակցին Իտալիայէն, Լեհաստանէն,Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Խրուաթիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Մեքիսքոյէն, Քոլոմպիայէն, Հնդկաստանէն, Նիճերիայէն եւ Քոնկոյէն բազմաթիւն պատուիրակութիւններ։
Յոբելեանը սկիզբ պիտի առնէ չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերին, Ժամը 13ին, ուխտաւորները թափօրով կ՝ուղղուին դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի սուրբ Դուռ։ Ապա երեկոյեան ժամը 7ին, տեղի կ՝ունենայ աղօթքի հսկում, նախագահութեամբ Կարդինալ Անճէլ Ֆերնանտես Արթիմէի։
Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։
Հինգշաբթի, երեկոյեան յոբելեանի մասնակիցները Հռոմի տարբեր հրապարակներուն վրայ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր հանդիպումներուն, նուիրուած տարբեր նիւթերուն։
Ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, Կրօնաւորական կեանքի յոբելեանը կը շարունակուի,Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայանալիք Յոյսի թեմայով խորհրդածութիւնով ու սուրբ Պատարագով։ Երեկոյեան ժամը 20ին, տեղի կ՝ունենայ տարբեր լեզուներով աղօթքի պահեր։
Շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին տեղ կ՝ունենայ խաղաղութեան նիւթով հանդիպում, ապա Սուրբ Պատարագ, յետմիջօրէին խմբային հանդիպումներ։
Կրօնաւորական կեանքի յոբելեանը կ՝աւարտի Սուրբ Պօղոս Ֆորի Լէ Մուրա Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած սուրբ պատարագով եւ Սուրբ Դուռին անցումով։
Կիրակի 12 հոկտեմբերին, ուխտաւորները կը մասնակցին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայանալիք Մարեմական հոգեւորականութեան Յոբելեանին Սուրբ պատարագին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ