INDIA-RELIGION-HINDUISM-FESTIVAL

Ինտուներու Տիփավալիի տօնը ` երկախօսութիւն եւ խաղաղութիւն

«Միայն միասին աշխատելով է` որ կարող ենք ապահովել և պահպանել ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ և ազատութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը» կը կարդանք միշտ ինտուներու Տիփավալիի տօնին առիթով ուղղուած պատգամին մէջ, ուր կը կրնկուին 2003-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամին մէջ պարունակուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը եւ կը հաստատուի, ընտանիքին, կրօններուն ու կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ լրատուական միջոներուն կարեւոր դերը` կերտելու համար խիղճեր ու մտքեր, կողմնորոշուած խաղաղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ինտուներու լուսաւորութեան տօն` Տիփավալիի առիթով, որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ 20 հոկտեմբեր 2025-ին, Միջրկօնական երկխօսութեան Վերատեսչութիւնը` յանձինս վերատեսուչ Կարդինալ Ժորժ Եաքոպ Քովաքարի, աւանդութեան համաձայն շնորհաւորական պատգամ մը յղեց ինտու հաւատացեալներուն, որուն մէջ ընդգծեց կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` որպէս ուղի, կառուցելու համար խաղաղութիւնը։

«Այս տօնական շրջանին կը հրաւիրենք ձեզ միանալու մեզի՝ խորհրդածելու համար թէ ինչպէս կարող ենք քրիստոնեաներս ու ինտուները, բոլոր կրօններու և բարի կամքի տէր մարդոց հետ միասին, ամրապնդել խաղաղութեան ի սպաս մեր ընդհանուր ջանքերը՝ երկխօսութեան և համագործակցութեան միջոցաւ» գրուած է պատգամին մէջ, ուր յղում կատարուած է նաեւ ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի «Nostra aetate» պատմական փաստաթուղթին, հայող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ այլ կրօններու միջեւ երկխօսութեան։

Պատգամին մէջ կ՛ ակնարկուի վերջին տասնամեակներու ընթացքին արձանագրուած առաջընթացին, բայց նաև կոչ կը կատարուի շարունակական յանձնառումի մը. հակամարտութիւններով, բևեռացմամբ և անվստահութեամբ յատկանշուած աշխարհին մէջ միջկրօնական երկխօսութեան ի սպաս, որ աւելի հրատապ է, քան երբևէ։

Ասկէ մեկնելով հրաւէր կ՛ուղղուի քրիստոնեաներուն և ինտուներուն, բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց հետ միասին, աշխատելու խաղաղութեան և արդարութեան ի սպաս՝ կամուրջներ կառուցելով հանդիպման, փոխ ըմբռնման և բարեկամութեան միջոցաւ։

«Միջկրօնական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը պէտք է տեղ գտնեն մեր առօրեայ կեանքին մէջ և դառնան համատեղ ապրելու բնական ձև մը», նշուած է հուսկ պատգամին մէջ ու յղում կատարուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերուն, զոր Ան արտասանեց իր ընտրութեան օրը` 8 մայիս 2025-ին, հրաւէր ուղղելով բոլորին ««Կամուրջներ կառուցել՝ երկխօսութեան, հանդիպումներու միջոցաւ, բոլորս իրար միանալով որպէսզի կազմենք մէկ ժողովուրդ»։

«Միայն միասին աշխատելով է` որ կարող ենք ապահովել և պահպանել ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ և ազատութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը» կը կարդանք միշտ ինտուներու Տիփավալիի տօնին առիթով ուղղուած պատգամին մէջ, ուր կը կրնկուին 2003-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամին մէջ պարունակուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը եւ կը հաստատուի, ընտանիքին, կրօններուն ու կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ լրատուական միջոներուն կարեւոր դերը` կերտելու համար խիղճեր ու մտքեր, որոնք կողմնորոշուած են խաղաղ համակեցութեան։

Մենք որպէս հաւատացեալներ արմատացած կրօնական մեր աւանդոյթներու մէջ ... կարող ենք յանձնառու ըլլալ կառուցելու խաղաղութիւնը խթանելով «երկխօսութեան մշակոյթը, որպէս ուղի, միասնական համագործակցութիւնը որպէս վարուելակերպ, իրար փոխադարձ ճանաչումը որպէս չափանիշ եւ մեթոտ» (Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթ համաշխարհային խաղաղութեան և միասնական համակեցութեան համար, 4 փետրուար, 2019), կը կարդանք պատգամի աւարտին զոր եզրափակուած է «Բարի Տիփավալիի տօն» մաղթանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 12:00