Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  ((foto © Teresa Tseng Kuang Yi))

Կարդինալ Փարոլին. Կազայի համաձայնագիրի գոհունակութիւնը, այժմ անհրաժեշտ է բարի կամք

Ուրպանիա համալսարանի մէջ կայացած դասախօսութեան ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին ողջունեց Եգիպտոսի մէջ ստորագրուած Մերձաւոր Արեւելքի համաձայնագիրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, մեծ գոհունակութեամբ անդարարձաւ ՀԱՄԱՍ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ՝ զայն անուանելով «Դէպի առաջ քայլ մը» դէպի երկարատեւ լուծում, միաժամանակ ընդունելով, որ անոր իրականացումը դժուար պիտի ըլլայ։

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին մեկնաբանեց վերջերս Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպանատան հետ առաջած լարուածութեան մասին յստակացնելով որ հոկտեմբեր 7-ի յարձակումի երկրորդ տարելիցի նուիրած իր հարցազրոյցը նպատակ չ՝ունէր բարոյական համարժէքութիւնը ստեղծելու, այլ դատապարտելու բռնութիւնը ու կոչ ընելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան։

Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ կարդինալ Հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու եպիսկոպոսներու նշանական ժամանակաւոր համաձայնագիրը, նկատելով զայն դրական միջոց՝ հակառակ դժուարութիւններուն՝ երկրին մէջ պառակտումները յաղթահարելու եւ եկեղեցւոյ կեանքը կարգաւորելու համար։ Ծիրանաւորը վերահաստատեց այն գաղափարը, որ կարելի է ըլլալ «Բարի կաթողիկէներ» եւ « Բարի Չինացիներ։

Վերջապէս, անդրադառնալով Վենեզուելլացի Մարինա Քորինա Մաչատոյի 2025 թուականի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի շնորհումի վերաբերեալ, կարիդնալթՓարոին յոյս յայտնեց որ այս ճանաչումը օգնէ Վենեզուելլային վերագտնելու խաղաղութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ համագործակցութեան ուղին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 11:02