Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (ANSA)

Արք Կալլակեր. Խաղաղութիւնը աւերումի սպառնալիքներուն վրայ կառուցելը բարոյապէս անպաշտպանելի է։

Իտալիոյ Ֆիրէնցէ քաղաքի Աստուածաբանական բաժանմունքին մէջ տուած դասախօսութեան մը ընթացքին Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը շեշտեց ներկայ ժամանակուան մէջ «մարդկայնութեան սկզբունքները» պահպանելու կարիքը, ուր միջազգային իրաւունքը յաճախ «անտեսուած է եւ շատ անգամներ խախտուած »։ Ան յիշեցուց նաեւ, թէ ինչպէս միջին դարերէն սկսեալ Եկեղեցին ու Պապերը յորդորած են, որ հակամարտութիւնները լուծուին՝ առաջնահերթութիւնը երկխօսութեան տալով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Յարաբերութիւններու Քարտուղարը, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 13-ին, երեկոյեան, Իտալիոյ Ֆիրէնցէ քաղաքին Աստուածաբանական բաժանմունքին մէջ ելոյթ ունենալով «Միջուկային Սպառնալիքը. Վտանգի նոր տեսարանները եւ Քրիստոնեաներու յանձնառութիւնը» խորագիրով կազմակերպուած ակադեմիական դասախօսութեան ընթացքին, խստիւ դատապարտեց անվտանգութիւնը աւերումի սպառնալիքի վրայ հիմնելու գաղափարը։

Արք Կալլակեր յիշեցնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, որ մարդկութիւնը կը տեսնէ երկու ճամբաներու բաժանումի կէտի մը վրայ՝«փլատակներու կոյտի» եւ ծաղկած պարտէզի» մը միջեւ, «բարոյապէս անպաշտպանելի եւ ռազմավարականօրէն անկայուն» նկատեց անվտանգութիւնը «ամբողջական աւերումի» սպառնալիքի վրայ կառուցելու գաղափարը։

«Սպառնալիքի ճարտասանութեան» ձախողութիւնը

Արք Կալլակեր նշեց որ Հակամարտութեան տրամաբանութիւնը եւ զէնքի մրցավազքի արագացումը կը ստեղծեն «վախի կամ բռնադատութեան հաւասարակշռութիւն», որ անորոշ եւ փխրուն է ու անկարող իսկական խաղաղութիւն երաշխաւորելու։

Ահաբեկութեան դէմ ընդդիմութիւնը

Յիշելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ.ի «Pacem in Terris-Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» (1963) շրջաբերականը մերժեց ահաբեկութեան վրայ հիմնուած հաւասարակշռութիւնը, յորդորելով դէպի «ամբողջական զինաթափում» եւ ուժի տրամաբանութիւնը փոխարինելով փոխադարձ վստահութեան տրամաբանութեամբ։

Միջազգային Նոր տեսարաններու վտանգները

Արքեպիսկոպոսը նշեց, թէ ինչպէս միջազգային կացութիւնը փորձուած է բազմաթիւ ճգնաժամերով (համավարակ, աղէտներ, նոր հակամարտութիւններ) եւ աճող կասկածներով միջազգային հասարակութեան կայունութիւնը պահպանելու կարողութեան մասին։ Ան զգուշացուց պատերազմական ոլորտին մէջ Արհեստական Բանականութեան անխիղճ գործածութեան դէմ ընդգծելով որ «ամենէն արդիական համակարգերը երբեք չեն կրնար փոխարինել բարոյական դատողութեան եւ բարոյագիտական որոշումի մարդկային բացառիկ կարողութիւնը»։

Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը Խաղաղութեան

Արք Կալլակեր վերահաստատեց Եկեղեցւոյ պատմական եւ մշտական նուիրումը՝ յանուն հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումին, Միջին Դարերէն մինչեւ ներկայիս Քահանայապետերը։

Պահպանել «Մարդկայնութեան Սկզբունքները

Արք. Ռիչարտ ընդգծեց, թէ Հրատապ է մարդասիրական սկզբունքներուն յարգանքին համար լուրջ յանձնառութիւն մը եւ «նոր մտածելակերպ մը», որ պատերազմը կը տեսնէ լիովին ուրիշ աչքերով, ինչպէս յորդորուած է Վատիկանեան Բ. Ժողովէն։

Անվտանգութեան Համապարփակ Մօտեցում

«Խաղաղութիւնը ոչ միայն հակամարտութիւններու բացակայութիւնն է, այլ կը պահանջէ անվտանգութեան համապարփակ մօտեցում մը՝ հիմնուած արդարութեան եւ սիրոյ վրայ», ըսաւ Պետութիւններուն եւ միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար Արք Կալլակեր ու  ելոյթը աւարտեց հրաւիրելով անկեղծ երկխօսութեան եւ վճռական նուիրումի մը՝ որոշելու համար կանոններու ամուր շրջանակ մը, որ կը թոյլատրէ յառաջանալ «աշխարհի ապառազմականացման» ճանապարհով եւ կառուցել փոխադարձ վստահութիւն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 10:50