Պաղեստինցի փախստականները օգնութիւն կը ստանան UNRWA-էն (ՄԱԿ-ի Գործակալութիւնը) Տէյր ալ-Պալահի մէջ Պաղեստինցի փախստականները օգնութիւն կը ստանան UNRWA-էն (ՄԱԿ-ի Գործակալութիւնը) Տէյր ալ-Պալահի մէջ  (REUTERS)

Սուրբ Աթոռ. Երկու Պետութիւններու Լուծում եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Գործակալութեան (UNRWA) Պաշտպանութիւն

Արքեպիսկոպոս Քաչիան՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մնայուն դիտորդը խօսեցաւ ՄԱԿ-ի 80-րդ Գլխաւոր Ժողովի Չորրորդ Յանձնաժողովին, որ նուիրուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Փախստականներու Օգնութեան Գործակալութեան (UNRWA):

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արքեպիսկոպոս Կապրիէլէ Քաչիան՝ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, նոյեմբեր 13-ին, խօսեցաւ ՄԱԿ-ի 80-րդ ընդհանուր Ժողովի չորրորդ յանձնաժողովին, օրակարգին՝ UNRWA-ին նուիրուած կէտին տակ։

Ելոյթին մէջ Արք Քաչիա ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի հարցով Սուրբ Աթոռը «կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը երկու պետութիւններուն՝ Իսրայէլին եւ Պաղեստինին, որպէսզի անոնք ապրին կողք-կողքի՝ խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս»։ Սուրբ Աթոռը կը ցաւի նաեւ «ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Պաղեստինի Փախստականներու Օգնութեան Գործակալութեան (UNRWA) կառոյցներուն, ներառեալ գրասենեակներուն, դպրոցներուն եւ հիւանդանոցներուն դէմ յարձակումներուն» համար, ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի դիտորդը աւելցնելով որ Սուրբ Աթոռը UNRWA-ի Գործակալութեան առաքելութիւնը կը համարէ «էական» եւ կը հրաւիրէ բոլոր Անդամ Պետութիւնները «նորոգելու եւ ուժեղացնելու իրենց քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութիւնը»։

Երկու պետութիւններու լուծումը եւ բազմակողմանիութիւնը

Արքեպիսկոպոս Քաչիա իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած է Միջին Արեւելքի ողբերգական կացութեամբ եւ որ «միջազգային համայնքը պէտք է շարունակէ անխոնջ կերպով աշխատիլ՝ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ եղբայրութիւն յառաջ տանելու», կրկին հաստատելով իր աջակցութիւնը երկու պետութիւններու լուծումին յայտնելով, որ «իսկական յառաջդիմութիւն կարելի է ձեռք ձգել միայն բազմակողմանիութեամբ, համբերատար երկխօսութեամբ եւ ներառական գործակցութեամբ, այլ ոչ թէ ուժի գործածութեամբ»։

Գործակալութեան քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութիւնը ուժեղացնել

ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դիտորդ Արք Քաչիայ յարեց, թէ Սուրբ Աթոռին համար էական է, որ UNRWA-ի աշխատանքը «ամուր կերպով արմատացած մնայ մարդասիրութեան, չէզոքութեան, անկողմնակալութեան եւ անկախութեան սկզբունքներուն մէջ», որոնք պէտք է առաջնորդեն տեղացի անձնակազմի հաւաքագրումը, կառավարումը եւ գործունէութիւնները։ Միայն այսպէս Գործակալութիւնը կրնայ շարունակել ըլլալ «համերաշխութեան եւ խաղաղութեան վստահելի գործիք մը» եւ ապահովել «հարիւրաւոր հազարաւոր պաղեստինցիներու գոյատեւումը, որոնք այլապէս օգնութեան ուրիշ աղբիւր մը պիտի չունենան»։

Արք Քաչիա ելոյթը աւարտեց ըսելով, Սուրբ Աթոռը «կը հրաւիրէ բոլոր Անդամ Պետութիւնները նորոգելու եւ ուժեղացնելու իրենց քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութիւնը UNRWA-ին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2025, 10:07