BRAZIL-UN-CLIMATE-COP30

COP30, Փարոլին. Յանձնառութիւնները դարձնել գործնական, ժամանակը կը սպառի

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Պրազիլի Պելեմ քաղաքին մէջ կայացած ՄԱԿ-ի 30-րդ համաժողովին առթիւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի և տեղական եկեղեցիներու յանձնառութիւնը՝ կլիմայի փոփոխութեան տալու «բարոյական արձագանք»։ Ան կարող է հնարաւորութիւն դառնալ ճգնաժամի մէջ գտնուող բազմակողմնութիւնը վերակենդանացնելու համար, նշեց Ծիրանաւորը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ժամանակը կը սպառի». Այս ահազանգային արտայայտութեամբ է, որ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կոչ կ՜ուղղէ «գործնականութիւն» տալու կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող վեհաժողովներու ընթացքին առնուած որոշումներուն, մինչ կը գտնուի Պրազիլի Պելեմ քաղաքին մէջ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի «Կլիմայի վեհաժողովին» որ կը կանխէ Cop30, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող 30-րդ համաժողովը որ նախատեսուած է 10էն մինչեւ 21 նոյեմբեր։

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ծիրանաւորը դատապարտեց այս խնդիրի աճող մտահոգիչ մասշտաբները, որ այսօր «աւելի շատ տեղահանումներ» կը պատճառէ քան հակամարտութիւնները: Միևնոյն ժամանակ, Ան նշեց, որ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ մտորումներն ու գործողութիւնները կարող են հնարաւորութիւնն հանդիսանալ վերակենդանացնելու բազմակողմանիութիւնը, որ տարիներէ ի վեր «շատ լուրջ ճգնաժամ» կ՛ապրի։

Պետական քարտուղարը հրատապ նկատեց գործնական դարձնելու առնուած որոշումները հայող կլիմայական փոփոխութիւններուն յիշեցնելով որ ժամանակը կը սպառի ու թէ ինչպէս այդ փոփոխութիւններուն հետեւանքները մեծապէս կ՜ազդեն աւելիով դիւրաբեկ անձանց վրայ ու շատ մը երկիրներու ապագային վրայ։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը նշեց ապա թէ Վատիկանն ու Սուրբ Աթոռը չունին պէտք եղած միջոցները այս հարցը դիմագրաւելու համար բայց եւ այնպէս յանձնառու են այս թեմայի նկատմամբ իրազեկութիւնը բարձրացնելու եւ բարոյական արձագանքը ապահովելու: «Այս մէկը ակնյայտօրէն, նաև կ՛ենթադրէ զգալի ուսուցում և կրթութիւն» ըսաւ Ան ապա կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ու աշխարհի ղեկավարներուն, խոստումներէն անցնելու գործունէութեան, կեդրոնանալով արտանետումներու կրճատման, խոցելի երկիրներուն օգնութեան և դիմակայութեան վրայ։

Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց նաեւ իր տեղական կազմակերպութիւններուն տուած այցելութիւններուն, որոնց շարքին մանուկներով զբաղող Մարիդուպայի հիւանդանոցը այս ուղղութեամբ ընդգծելով երիտասարդ սերունդներու ներգրաւման կարևորութիւնը՝ որպէս աւելի արդար, առողջ և ներառական աշխարհի լուծման մաս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 11:30