2025.10.14 I poveri sono al centro dell'esortazione apostolica "Dilexi te" di Papa Leone XIV.

Աղքատներուն Յոբելեանը եւ աղքատներու համաշխարհային իններորդ Օրը

Յառաջիկայ Կիրակի` 16 Նոյեմբերին կը նշուի աղքատներու համաշխարհային իններորդ օրը, որուն առիթով պիտի կատարուի նաեւ աղքատներուն յոբելեանը, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած է Քահանայապետի հետ պատարագ եւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ աղքատներուն նուիրուած կէսօրուան ճաշը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղքատներու համաշխարհային իններորդ օրը պիտի յիշատակուի յառաջիկայ 16 նոյեմբերին եւ այս օրուան առիթով` Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Աղքատներուն Յոբելեանը, որուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի` 16 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ Լեւոն ԺԴ. գլխաւորած սուրբ պատարագով, որուն ապա պիտի յաջորդէ աղքատներուն նուիրուած աւանդական ճաշը` Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որուն պիտի մասնակցին մօտ 1300 կարիքաւորներ։

Յոբելենական ուխտագնացութիւնը

14-էն 16 նոյեմբերին նախատեսուած Յոբելենական ուխտագնացութեան, համայն աշխարհէն կը սպասուին տասը հազար հաւատացեալներ, որոնց շարքին կարիքաւորներ, աղքատներով զբաղող կամաւորներ, եւ բարեգործութեամբ զբաղող ընկերակցութիւններ։

Յոբելենական յայտագիրը կը սկսի Ուրբաթ` 14 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5,30-ին «Ողորմութեան հսկումով», զոր պիտի ոգեւորեն ֆրանսական «Եղբայր» անուամբ ընկերակցութեան անդամները` Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ։ Ապա շաբաթ` 15 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը երեքին, նախատեսուած է Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռէն անցքը ապա ժամը չորսէն սկսեալ նախատեսուած է մարեմական աղօթքի պահ մը, զոր տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ:

Պատարագը եւ աղքատներուն նուիրուած ճաշկերոյթը 

Կիրակի օր` պատարագին յաջորդող Բարեգործութեան Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած կէսօրուայ ճաշէն ետքը իւրաքանչիւր մասնակիցի պիտի յանձնուի առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով լի տոպրակ մը՝ շնորհիւ Վինսենթեան հայրերու աջակցութեան, որոնք իրենց հիմնադրման 400-ամեակին առիթով ցանկացան յարգանքի տուրք մատուցել աղքատներուն՝ աջակցութեան այս շօշափելի արարքով։

Աղքատներուն նուիրուած այս ճաշկերոյթի սովորութիւնը սկիզբ առած է 2017 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, որպէս «դէպի դուրս» Եկեղեցւոյ մը առաքելութեան տիպարը։ Օրուան առիթով կը կազմակերպուին նաեւ այլ ձեռնարկներ ինչպէս զոր օրինակ Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանի աղքատներուն ձրի կերպով նուիրած ծառայութիւնները ուր տարուայ ընթացքին կը խնամուին 139 ազգութիւններէ տասը հազարի մօտ կարիքաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2025, 11:17