«Սիսթինա» երգչախումբը «Սիսթինա» երգչախումբը  

Երգչախումբերու Յոբելեանը. Հռոմի մէջ կը սպասուին 35.000 ուխտաւորներ

Աշխարհի 117 երկիրներէ մասնագէտ եւ ոչ-մասնագէտ երգիչներ պատրաստուած են ժամանելու Վատիկան՝ յոբելենական արարողութիւններուն համար։Նոյեմբեր 22.ին տեղի կ՝ունենայ Պապինոբելինական հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ անցումը Սուրբ դռներէն։ Ապա, երգչախումբերը պիտի կատարեն պատարագի երգեցողութիւնը Հռոմի 90-է աւելի եկեղեցիներու մէջ։ Նոյեմբեր 23-ին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին մէջ պիտի մատուցուի Լեւոն ԺԴ.-ի կողմէ նախագահուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նոյեմբեր 22-ին եւ 23-ին, Հռոմ մէջ տեղի կ՝ունենայ Երգչախումբերու եւ Երգչախմբային Խումբերու Յոբելեանը, ձեռնարկ մը որուն մաս պիտի կազմեն աշխարհի 117 երկիրներէ ժամանած շուրջ 35,000 ուխտաւորներ՝ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով մասնագէտ, թեմական, ծխական եւ սիրողական երգչախումբերու։

Ձեռնարկը պիտի սկսի շաբաթ առաւօտեան ժամը 10-ին՝ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեամբ, եւ պիտի շարունակուի Սուրբ Դռներու ուխտագնացութիւններով եւ խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումի պահերով։ Յետմիջօրէին, աւելի քան 100 երգչախումբեր Հռոմի 90-է աւելի եկեղեցիներու մէջ պիտի կատարեն Պատարագի երգեցողութիւնը։

Կիրակի օրը, ուխտաւորները պիտի մասնակցին Պապին կողմէ նախագահուած պատարագին եւ ներկայ պիտի գտնուին «Յոբելեանը մշակոյթ է» խորագրով համերգաշարի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող համերգի մը, որուն անունն է՝ «Միայն Մէկ Ձայն Դարերու Մէջ»։

Այս ձեռնարկը կը շեշտէ թէ ինչպէս երգչախմբային երգը հոգեւոր եւ մշակութային լեզու մը կը ներկայացնէ, որ ժամանակի ընթացքին զարգացած է՝ Վերածնունդի երաժշտութենէն մինչեւ արդի մթնոլորտներ։ Առաջարկը հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, որ երգչախմբային երգը պարզապէս գեղագիտական կատարում չէ, այլ լեզու մը՝ ընդունակ արտայայտելու Եկեղեցիի նոյն հաւատքը դարերու ընթացքին՝ տարբեր ոճերով եւ հնչերանգներով։

Երգչախմբային կատարումներ պատմական կեդրոնի չորս եկեղեցիներու մէջ

Կիրակի երեկոյեան ժամը 16.00-էն սկսեալ, Հռոմի պատմական կեդրոնի չորս եկեղեցիներ պիտի հիւրընկալեն չորս երաժշտական պահեր, իւրաքանչիւրը նուիրուած ծիսական երգեցողութեան տարբեր ժամանակաշրջանի մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 15:20