Աղքատներու Համաշխարհային օրուան առիթով Սուրբ Պետրոսի մէջ նոր բուժարանի բացում
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 14 նոյեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Աղքատներու Համաշխարհային Օրուայ նախօրէին բացումը կատարեց աղքատներուն նուիրուած Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ գտնուող «Սան Մարթինօ» բուժարանին։
«Ողորմութեան Մայր» բուժարանի բացումէն տասը տարիներ ետք Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը, որ առօրեայ օգնութիւն եւ բժշկական ձրի ծառայութիւններ կը մատուցէ աղքատներուն ներշնչում քաղելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութենէն ու Աւետարանէն, որոշեց յաւելեալ տարածք նուիրել կարիքաւորներուն, բարելաւելու եւ աճեցնելու համար անոնց մատուցուած ծառայութիւնները։
Այսօր` բացուած նոր Բուժարանը ստեղծուած է համագործակցութեամբ Վատիկանի Կառավարութեան առողջապահութեան և մաքրութեան վարչութեան հետ։ Երկու սենեակներէ բաղկացած այս բուժարանը օժտուած է յառաջադէմ սարքաւորումներով և նոր «շողաքննութեան» գործիքներու ծառայութեամբ, որ հնարաւորութիւն կու տայ արագ և ճշգրիտ ախտորոշումներ կատարել թոքաբորբի, ոսկրային կոտրուածքներու, ուռուցքներու, վատասերուած հիւանդութիւններու եւ այլ հիւանդութիւններու, որոնք յաճախ անտեսուած են աղքատութեան մէջ ապրողներուն մօտ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ