Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը. «Տոզուլէի Ենթադրեալ երեւումները գերբնական չեն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտես նամակով մը սահմանեց, որ Տուզուլէի (Ֆրանսա) մէջ 1972-էն 1978 թուականներուն տեղի ունեցած ենթադրեալ երեւումներուն երեւոյթը, որ կը վերաբերէր ենթադրեալ գուշակող Մատլէն Օմոնին «որոշիչ կերպով պէտք է համարուի իբրեւ ոչ գերբնական»։
Որոշումը կ՛արտօնէ Պայո-Լիզիէի թեմին Եպիսկոպոս Ժաք Հապէրին հրատարակելու «ոչ գերբնականութեան յայտարարութեան» հրամանագիրը, ճանչնալով, որ երեւումը «չունի իսկական աստուածային ծագում»։ Որոշումը հաւանութեան արժանացաւ Պապ Լէոն ԺԴ-ի կողմէ
Եկեղեցին արդէն նախապէս բացասաբար արտայայտուած էր, ինչպէս այն ժամանակ թեմական եպիսկոպոս Ժան-Մարի-Քլեմէն Պատրէն, որ 1983-ին եւ 1985-ին կասկածներ յայտնած էր երերումներուն իսկութեան մասին, քննադատելով «մոլեռանդ քարոզչութիւնը» եւ չարտօնուած դրամահաւաքը։
«Տոզիւլէի մէջ տեղի ունեցած ենթադրեալ երեւումները, որ կապուած են հսկայական չափերով խաչի մը կառուցման հետ, որ պիտի երաշխաւորէր մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն անոնց, որոնք պիտի մօտենային անոր, «պէտք է վերջնականապէս համարուի որպէս ոչ-գերբնական»։
Ֆրանսական Տոզիւլէ քաղաքին մէջ 1972-էն 1978 թուականներուն Յիսուս 49 անգամ յայտնուած է Մատլեն Օմոն անունով ընտանիքի մայրիկին՝ խնդրելով կառուցել այսպէս կոչուած «Տոզիւլէի Փառայեղ Խաչը», որ երբեք չէ կառուցուած. այն պէտք է լիովին լուսաւորուած ըլլար եւ հասնէր 738 մեթր բարձրութեան, ունենար 123 մեթր բազուկներ, այսպիսով հեռուէն տեսանելի ըլլար որպէս համընդհանուր փրկութեան նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ