Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան տեղեկագիրը Աստուածածնի համար գործածուելիք տիտողներու վերաբերեալ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Mater populi fidelis» վերնագիրով դաւանական տեղեկագիրը մը հրատարակուեցաւ՝ Երեքշաբթի, 4 Նոյեմբերին, Հաւատքի Վարդապետութեան վերատեսչութեան կողմէ։ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսի եւ Արքեպիսկոպոս Արմանտօ Մաթթէոյի ստորագրութիւններով լոյս տեսած այս փաստաթուղթը, որը Հռոմի Պապին կողմէ վաւերացուած էր անցեալ Հոկտեմբեր 7-ին, Մարիամի պաշտամունքին մասին է՝ կեդրոնանալով Մարիամի վրայ իբրեւ Քրիստոսի գործին զուգակցող «Հաւատացեալ Ժողովուրդին Մայր»ը։ Տեղեկագիրը դրականօրէն կը գնահատէ «Հաւատացեալներուն Մայր», «Հոգեւոր Մայր» եւ «Հաւատացեալ Ժողովուրդին Մայր» տիտղոսները, քանի որ անոնք կը յայտնեն Մարիամի մայրական գործողութիուն, որը ոչ մէկ կերպով կը նուազեցնէ Քրիստոսի միակ միջնորդութիւնը։
«Գործակից-Փրկիչ» (Corredentrice): Այս տիտղոսը տեղեկագիրին կողմէ կը նկատուի անյարմար եւ անպատշաճ, քանի որ անիկա կրնայ մթագնել Քրիստոսի փրկարար միակ միջնորդութիւնը եւ յառաջացնել շփոթ։ Կարդինալ Ռացինկերը (ապագայ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը) եւ Ֆրանչիսկոս Պապը բազմիցս իրենց դիրքորոշումը յայտնած են այս տիտղոսին դէմ։
«Միջնորդ» (Mediatrice): Տեղեկագիրը կը շեշտէ Քրիստոսի միջնորդութեան բացառիկութիւնը։ «Միջնորդ» տիտղոսը կը նկատուի անընդունելի՝ երբ կ՛ընդունի Յիսուս Քրիստոսի բացառիկ նշանակութիւնը։ Սակայն անիկա կը նկատուի թանկագին՝ եթէ կ՛արտայայտէ մասնակցային միջնորդութիւն մը, որը կը փառաբանէ Քրիստոսի զօրութիւնը։
Բոլոր Շնորհքներուն Միջնորդ» (Mediatrice di tutte le grazie): Այս տիտղոսը կը նկատուի ընդունելի շատ յստակ իմաստներով, բայց տեղեկագիրը լայն բացատրութիւն մը կու տայ այն վտանգաւոր իմաստներուն, որոնք կրնան ներկայացնել։ Կաթողիկէ վարդապետութիւնը կը յայտարարէ, որ «ոչ մէկ մարդկային անձ, նոյնիսկ Ամենասուրբ Կոյսը, կրնայ ըլլալ շնորհքի տիեզերական բաշխողը։ Միայն Աստուած կրնայ շնորհքը տալ, եւ անիկա կը կատարուի Քրիստոսի մարդկութեամբ»։
Տեղեկագիրը կը վերահաստատէ կաթողիկէ վարդապետութիւնը, որը միշտ ընդգծած է, թէ Մարիամի մէջ ամէն բան կ՛ուղղուի Քրիստոսի կեդրոնականութեան եւ իր փրկարար գործողութեան։ Հետեւաբար, թէեւ որոշ տիտղոսներ կրնան բացատրուիլ ճիշդ մեկնաբանութեամբ, կը նախընտրուի անոնցմէ խուսափիլ։
Գործակից-Փրկիչ (Corredentrice)
«Գործակից-Փրկիչ» տիտղոսին վերաբերեալ, տեղեկագիրը կը յիշեցնէ, որ որոշ Պապեր «գործածած են այս տիտղոսը՝ առանց անոր բացատրութեան վրայ երկար մնալու։ Ընդհանրապէս, անիկա ներկայացուած է Աստուածային մայրութեան հետ առնչութեամբ եւ Փրկիչ Խաչին քով Քրիստոսի հետ Մարիամի միութեան յղումով։ Երկրորդ Վատիկանեան Ժողովը որոշած էր չօգտագործել այս տիտղոսը «դաւանական, հովուական եւ համամիութենական պատճառներով»։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը «զայն գործածեց, գոնէ եօթը առիթներով, զայն կապելով մասնաւորաբար մեր ցաւի՝ Քրիստոսին քով մատուցուած փրկարար արժէքին հետ, որուն Մարիամ կը միանայ յատկապէս Խաչին տակ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ