COP30, Սուրբ Աթոռ. Կլիմայական ճգնաժամի մարտահրաւէրը կը պահանջէ միջազգային համագործակցութիւն եւ կուռ բազմակողմանիութիւն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կլիմայական ճգնաժամը այլեւս սահմաններ կամ արգելքներ չի ճանչնար, եւ ճիշտ այդ պատճառաւ է, որ կը պահանջուին հաւաքական ջանքեր: Այս միտքը արտայայտեց Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան օժանդակ ղեկավար, Պրազիլի մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Ճանպաթթիսթա Տիքուաթրոն աշխարհի տարբեր Երկիրներու Շրջակայ միջավայրի նախարարներուն ուղղած ելոյթին մէջ, որ արտասանեց 18 Նոյեմբերին՝ մասնակցելով Պելեմ քաղաքին մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող Համաժողովին։
Մարդկային արժանապատւութիւնը առանցք դարձնել
Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակը իր խօսքին սկիզբը մէջբերեց Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին՝ ՄԱԿ-ի COP30 Համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամը, որ ընթերցած էր Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը անցեալ Նոյեմբեր 7ին, յիշեցնելով, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրները կը «վտանգեն այս մոլորակի վրայ բոլորի կեանքը եւ, հետեւաբար, կը պահանջեն միջազգային համագործակցութիւն եւ կուռ ու կարող բազմակողմանիութիւն, որոնց առանցքը կը կազմեն կեանքի սրբութիւնը, իւրաքանչիւր մարդու՝ Աստուծմէ տրուած արժանապատւութիւնը եւ ընդհանուր բարօրութիւնը»:
Կանայք եւ աղջիկները ամէնէ շատ կը տուժեն կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներէն
Պելեմին մէջ գտնուող Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան օժանդակ ղեկավարը, այնուհետեւ, ընդգծեց որ կանայք եւ աղջիկները անհամաչափօրէն կը տուժեն կլիմայի փոփոխութենէ, մասնաւորապէս զարգացող երկիրներու մէջ եւ շարունակեց, որ․ «անհրաժեշտ է փնտռել ընդհանուր լեզու եւ համաձայնութիւն՝ մէկ կողմ դնելով եսասիրական շահերը եւ պահպանելով մէկը միւսի եւ ապագայ սերունդներու առջեւ մեր պատասխանատուութեան կենդանի գիտակցութիւնը»։
Կրթութեան կարեւորութիւնը
Կլիմայական մարտահրաւէրներու ծաւալին դիմաց, Պրազիլիոյ մէջ Առաքելական Նուիրակը կարեւոր նկատեց «ամրապնդել լայնակի կրթութեան դերը՝ մեղմացման նպատակներու իրականացումն ապահովելու, (․․․) ինչպէս նաեւ կորուստներն ու վնասները կանխելու եւ առաջընթացի հասնելու համար»։ Ան ի վերջոյ, եզրափակեց իր խօսքը Լեւոն ԺԴ․ Պապի բառերով. «Միայն սրտին վերադառնալով կարելի է հասնիլ իրական բնապահպանական դարձի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ