«Ողորմութեան մայր» բուժարանը. Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը անոնց որոնք չեն կրնար բուժուիլ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կամարներու տակ,Սրբազան Քահանայապետի հայեացքի ներքոյ, կը գտնուի «Madre di Misericordia - Ողորմութեան Մայր» բուժարանը, զոր հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2017 թուականին՝ անօթևաններուն և բուժումը ստանալ չկարողացողներին անվճար առողջապահական ծառայութիւններ մատուցելու համար: 16 Նոյեմբերին նշուող Աղքատներու համաշխարհային օրուան առիթով Բուժարանը անընդհատ պիտի գործէ առաւօտեան ժամը ութէն մինչև երեկոյեան ժամը վեցը։
Բուժարանին մէջ ամէն ամիս հոգ կը տարուի երկու հազարէ աւելի անձերու, որոնք կը խնամուին 120 կամաւոր բժիշկներու եւ հիւանդապահներու կողմէ։ «Այստեղ` Եկեղեցւոյ սիրտ հանդիսացող վայրին մէջ, մենք հոգ կը տանինք աղքատներուն ու անոնց` որոնք փաստաթուղթեր չունին» կը հաստատէ Բուժարանի տնօրէն Տոքթ. Մասսիմօ Ռալլին ակնարկելով նաեւ այն բազմաթիւ միջամտութիւններուն որոնց շնորհիւ փրկուեցան կեանքեր։
Բուժարանը կ՛առաջարկէ 26 բժշկական մասնագիտութիւն, որոնց շարքին սրտաբանութիւն եւ ատամնաբուժութիւն, ինչպէս նաև կը տրամադրէ անվճար «փրոթէզներ» և ակնոցներ: «Փողոցը ապրողներուն ժպիտ կամ սովորական ծամելու հնարաւորութիւն պարգևելը մեծ ուրախութիւն է», - կ՜ըսէ կամաւոր ատամնաբոյժ Մաուրիցիօ Մանչինին:
Բժիշկներուն հետ կը գործեն բազմաթիւ կամաւորներ ինչպէս 71 ամեայ Ճուզեփփէ Քոզմոն, որ կը վստահեցնէ թէ ինք ամէն երեկոյ տուն կը վերադառնայ յոգնած բայց ուրախ. «Այստեղ իրար կը հասկնանք առանց խօսելու» կը նշէ Ան եւ ահա ճիշտ այնտեղ է Պերնինեան կամարներու լռութեան մէջ որ «Ողորմութեան Մայր» Բուժարանը կը շարունակէ մարմնացնել սիրոյ Աւետարանը` աննկատ բայց շօշափելի ձեռք մը` որ կ՛երկարի դիւրաբեկին, ձրի կերպով նուիրելով բժշկական ծառայութիւններ` 139 ազգութիւններէ տասը հազարի մօտ կարիքաւորներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ