Փետրոքքիի յանձնաժողովի զեկոյցը՝ Կանանց սարկաւագութեան մասին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Փետրոքքիի Յանձնաժողովը եզրակացուցած է, թէ պատմական, աստուածաբանական եւ ուսուցողական վերլուծութիւններու հիման վրայ, ներկայիս հնարաւոր չէ կանանց ընդունիլ սարկաւագութեան՝ որպէս Սուրբ Խորհուրդի աստիճան, թէեւ դատավճիռը կը մնայ ոչ վերջնական։
Լեւոն ԺԴ Պապին ուղղուած զեկոյցը կը շեշտէ, թէ Եկեղեցական աւանդութիւնը անցեալին ճանչցած է կանանց սարկաւագուհիներու (diaconesse) դերեր, սակայն տարբեր իմաստներով։
Աստուածաբանական Կասկածներ: Ներկայ աստուածաբանական մտածումները կասկածի տակ կը դնեն կանանց սարկաւագական ձեռնադրութեան համատեղելիութիւնը Կաթողիկէ ուսմունքին հետ։
Սեռային Ինքնութիւն: Անդամներու մեծամասնութիւնը վերահաստատած է, թէ սարկաւագութեան խորհրդային ինքնութիւնը կապուած է Քրիստոսի եւ սպասաւորներուն արականութեան հետ, գտնելով որ այս իրողութեան փոփոխութիւնը կրնայ վտանգել ծառայութեան խորհրդային իմաստը։
Առաջարկներ եւ Երկխօսութիւն
Նոր Ծառայութիւններ: Հանձնաժողովը, սակայն, կը քաջալերէ նոր ծառայութիւններու հաստատումը՝ կանանց սպասարկումի ճանաչումը եւ հաւասարութիւնը խթանելու համար, ինչպէս նաեւ իբրեւ գենտերային (gender) խտրականութիւններուն դէմ պայքարի նշան։
Երկու ուղղութիւններու տրամախօսութիւն
Զեկոյցը կ'ընդգծէ երկու ուղղութիւններու միջեւ եղած տրամախօսութիւնը. Մէկը, որ սարկաւագութիւնը կը տեսնէ իբրեւ ծառայութիւն, որ կրնայ բաց ըլլալ կանանց առջեւ։ Միւսը, որ կ'անդրադառնայ երեք աստիճաններուն խորհրդային միասնութեան եւ խորհրդանշական իմաստին։
Յանձնաժողովը խորհուրդ կու տայ քննադատական խորացում մը կատարել սարկաւագութեան խորհրդային բնոյթի եւ անոր Եկեղեցական առաքելութեան մասին, հաշուի առնելով տարբեր մայրցամաքային իրողութիւնները, ուր սարկաւագական ծառայութիւնը փոփոխական ներկայութիւն ունի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ