2025.03.09 Inizio Esercizi Spirituali

Ծննդեան մտածականները՝ հրաւէր՝ սպասելու Տիրոջ եւ անոր համար պատրաստելու ճանապարհը

Անոնք տեղի կ՛ունենան Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ Սուրբ Ծննունհէն առաջ երեք ուրբաթ օրերուն՝ վաղը՝ 5 դեկտեմբերին, 12-ին և 19-ին: Անոնք պիտի կայանան Սրբազան Պապին ներկայութեամբ եւ պիտի ներկայացնէ Քահանայապետական տան քարոզիչը` հայր Ռոպերթօ Փազոլինին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«2025-ի Սուրբ Ծննդեան` գալստեան շրջանի մտածականները պիտի ներկայացուին Քահանայապետական Տան Քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի կողմէ, ««Սպասելով և շտապեցնելով Աստուծոյ օրուայ գալուստը (Բ Պետրոս 3։12)» Յոբելենականն յոյսը՝ Տիրոջ սպասումին եւ փրկութեան տիեզերականութեան միջև» նիւթի մասին։ Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան Կառավարութիւնը նշելով նաեւ թէ անոնք տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։

Սոյն մտածականներու նիստերուն, ինչպէս ամէն տարի, հրաւիրուած են մասնակցելու Կարդինալները, Արքեպիսկոպոսները, Եպիսկոպոսները, Քահանայապետական Ընտանիքի աշխարհական անդամները, Հռոմի Քուրիայի, Վատիկանի Կառավարութեան ու Հռոմի Թեմի աշխատակիցները, ու բոլոր այն ընդհանուր մեծաւորներն ու տեղապահները որոնք մաս կը կազմեն Քահանայապետական Մատուռին։

Մտածականներու նիստերը տեղի պիտի ունենան ամէն ուրբաթ օր, սկսեալ վաղուընէ 5 դեկտեմբերէն, ապա 12 դեկտեմբերին, եւ 19 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը ինին Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեաեմբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 13:32