Յոյսի Տիրամօր արձանը՝ Չիլենթոյէն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յոյսի Յոբելինական տարուան առիթով, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Խոստովանութեան խորանին քով պիտի զետեղուի Սալերնոյի Սան Մարքօ տի Քասթելապաթէ ծխական համայնքէն բերուած Յոյսի Տիրամօր փայտեայ արձանը: Այս սրբապատկերը հոն պիտի մնայ մինչեւ Յունուար 6-ի Աստուածայայտնութեան տօնը՝ ընկերակցելով Սուրբ Ծննդեան բոլոր արարողութիւններուն:
Այս արձանը պատրաստուած է 1954-ին՝ Պիոս ԺԲ Պապի հռչակած Մարեմեան տարուան առթիւ: Ան կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսը՝ Մանուկ Յիսուսը գիրկը, մինչ աջ ձեռքով բռնած է գետինը հաստատուած ոսկեզօծ խարիսխ մը, որ կը խորհրդանշէ հաստատուն յոյսը: Արձանը վերջերս ենթարկուած է վերանորոգման՝ յատուկ Յոբելինական տարուան պատրաստութեան համար:
Յոյսի Տիրամօր հանդէպ յատուկ ջերմեռանդութիւն գոյութիւն ունի թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներուն մօտ: Ամէն տարի, Օգոստոսի վերջին կիրակին, մեծ շուքով կը նշուի անոր տօնը, որուն ընթացքին տեղի կ'ունենայ թափօր դէպի նաւահանգիստ, ուր կ'ընթերցուի ձկնորսներու ընծայման աղօթքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ