Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին այցելեց «Մանուկ Յիսուսի»ի հիւանդանոց. Մարմնի գործարաններու նուիրատուութիւնը մահը յաղթահարող սիրոյ արարք է

Վատիկանի Պետական քարտուղարը այցելեց «Մանուկ Յիսուս» Հիւանդոցի տիալիզի նոր բաժանմունքը։ «Նուիրումի մշակոյթը» խորագրով հանդիպման ընթացքին, ան շեշտեց, թէ տկարներուն խնամք տանիլը քաղաքակրթութեան որակի չափանիշն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ ամէն ինչ կը չափուի «շահոյթի, արդիւնաւէտութեան եւ օգտապաշտութեան» տեսանկիւնէն, ի՞նչ կրնայ նուիրել մարդ արարածը։ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի պատասխանը յստակ է. կարելի է նուիրել նիւթական միջոցներ, մարմնի գործարաններ եւ ամենաթանկը՝ ժամանակ։ Երեքշաբթի, 17 փետրուարին, Ճանիքոլօ բլուրին վրայ գտնուող «Պամպինօ Ճեզու» մանկական հիւանդանոցին մէջ, կարդինալը օրհնեց տիալիզի նորաբաց բաժանմունքը եւ մասնակցեցաւ «Նուիրումի մշակոյթը» խորագրով խորհրդաժողովին։

Նուիրատուութիւնը որպէս աստուածային նախախնամութիւն

Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ նուիրումը «լուռ, բայց հզօր լեզու մըն է», որով մարդիկ դուրս կու գան իրենց անձէն՝ բացուելու համար դիմացինին։ Անդրադառնալով տնտեսական օժանդակութեան՝ ծիրանաւորը պարզաբանեց, թէ թէեւ զայն յաճախ կը նկատեն «նուազ հոգեւոր», սակայն իրականութեան մէջ անիկա կրնայ դառնալ սիրոյ շօշափելի արտայայտութիւն եւ արդարութեան գործիք։ «Աստուած կը գործէ մարդոց միջոցաւ», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ առատաձեռնութիւնը հիւանդին կը վերադարձնէ իր արժանապատուութիւնը։

Մարմնի գործարաններու նուիրում. կեանք՝ տառապանքէն անդին

Խօսքի ամենայուզիչ բաժինը նուիրուած էր մարմնի գործարաններու տուչութեան։ Ըստ Պետական քարտուղարին, ասիկա քրիստոնէական սիրոյ բարձրագոյն դրսեւորումն է, որ կը յաղթահարէ նոյնիսկ մահուան սարսափը։ Յատկապէս երբ ծնող մը, իր զաւկին կորուստի անհուն ցաւին մէջ, կ՚որոշէ մարմնի գործարաններ նուիրել, ան յոյս եւ ապագայ կը պարգեւէ ուրիշ երեխայի մը։ «Նուիրուած մարմնին մէջ կը բաբախէ այնպիսի սէր մը, որ չի յանձնուիր մահուան», աւելցուց ան։

Ժամանակի պարգեւը եւ շահոյթի տրամաբանութիւնը

Կարդինալ Փարոլին նաեւ կարեւորեց «ժամանակի նուիրումը»՝ զայն համարելով բարեգործութեան վեհագոյն ձեւերէն մէկը։ Լսելը, ընկերակցիլն ու հիւանդին քովը մնալը քաղաքակիրթ հասարակութեան հիմքերն են։

Կարդինալ Փարոլին եզրափակեց՝ յիշեցնելով, որ քաղաքակրթութեան որակը կը չափուի ամենատկարներուն խնամելու կարողութեամբ, քանի որ մենք բոլորս ալ ամէն ինչ որպէս պարգեւ ստացած ենք։

Հանդիպման ընթացքին տոքթ. Ֆրանչեսքօ Էմման «դառնութեամբ» նշեց, որ այսօր որոշ ընկերութիւններ կը դադրեցնեն մանկական տիալիզի սարքերու արտադրութիւնը, որովհետեւ անոնք այլեւս «շահութաբեր չեն»։ Ասոր դիմաց, հիւանդանոցի նախագահ Թիցիանօ Օնեսթին հաստատեց, որ երեխաներու վրայ ներդրում կատարելը հաւաքական բարօրութեան միակ ճանապարհն է։

Սամուէլի վկայութիւնը. «Դոնորս իմ պահապան հրեշտակս է»
Յատկանշական էր 17-ամեայ Սամուէլ Կալիմպերթիի վկայութիւնը։ Երիկամի փոխպատուաստումէն ետք, պատանին ոչ միայն վերագտաւ իր կեանքը, այլեւ դարձաւ վազքի ախոյեան։

«Ամէն գիշեր երկու անգամ կ՚աղօթեմ. նախ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, ապա՝ իմ դոնորիս, որ իմ պահապան հրեշտակս է եւ փրկեց կեանքս», պատմեց ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2026, 13:33