Մատակասկար, Խաչ, Եկեղեցի Մատակասկար, Խաչ, Եկեղեցի  (AFP or licensors)

Վատիկանը հրապարակեց 2026-ի տարեգիրքը. Կաթողիկէ Եկեղեցին կ’աճի Ափրիկէի մէջ

Վատիկանի նորագոյն վիճակագրութիւնը կը հաստատէ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւի աճը Ափրիկէի մէջ, մինչ Եւրոպան կը շարունակէ դիմագրաւել կոչումներու եւ հաւատացեալներու թիւի նուազում։ Աշխարհի տարածքին կաթողիկէներու ընդհանուր թիւը հասած է 1,422 միլիոնի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Վիճակագրութեան Կեդրոնական Գրասենեակը լոյս ընծայեց «2026-ի Պապական Տարեգիրքը» (Annuario Pontificio) եւ «2024-ի Եկեղեցւոյ Վիճակագրական Տարեգիրքը» (Annuarium Statisticum Ecclesiae)։ Նորագոյն տուեալները ցոյց կու տան աշխարհի տարածքին կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւի յարաբերական կայունութիւն, սակայն աշխարհագրական զգալի տեղաշարժերով։

Հաւատացեալներու թիւը

2024-ի վերջաւորութեան, աշխարհի մէջ կաթողիկէներուն թիւը հասած է 1 միլիառ 422 միլիոնի, որ կը կազմէ համաշխարհային բնակչութեան 17,8%-ը։

Ափրիկէ: Հաւատացեալներու թիւը 281 միլիոնէն բարձրացած է 288 միլիոնի (2,7% աճ)։

Եւրոպա: Կը նկատուի թիւի նուազում՝ ընդհանուր համաշխարհային տոկոսին մէջ (20,4%-էն իջնելով 20,1%-ի)։

Ամերիկա: Կը մնայ ամենաշատ կաթողիկէ բնակչութիւն ունեցող ցամաքամասը՝ աշխարհի հաւատացեալներուն 47,7%-ով։

Եկեղեցական մատակարարներ եւ առաքելութիւն

Աշխարհի տարածքին առաքելութեան լծուած անձան՝ եպիսկոպոսներ, քահանաներ, սարկաւագներ, կրօնաւորներ եւ կրօնուսուցիչներ ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 4,4 միլիոն։

Քահանաներ: Համաշխարհային թիւը թեթեւ աճ արձանագրած է (407,421), սակայն պատկերը հակասական է. մինչ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քահանաներուն թիւը կ’աւելնայ, Եւրոպան կը տառապի լուրջ նուազումէ։

Մշտական Սարկաւագներ: Ասիկա եկեղեցական այն դասն է, որ ամենէն արագ աճը կ’արձանագրէ (1,3%)։

Կոչումներու տագնապ

Վիճակագրութիւնը մտահոգիչ տուեալներ կը ներկայացնէ նորընծայարաններու վերաբերեալ։ Աշխարհի տարածքին կրօնաւորական կոչումները նուազած են 2,72%-ով։ Միակ բացառութիւնը դարձեալ Ափրիկէն է, ուր նորընծաներուն թիւը աճած է 2,25%-ով, մինչ Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ անկումը շատ աւելի շեշտակի է։

Խորհուրդներու Մատակարարում

Մկրտութիւն: 2024-ին արձանագրուած է շուրջ 13 միլիոն մկրտութիւն։ Հետաքրքրական է, որ նոր մկրտուածներուն 40,7%-ը Ամերիկա ցամաքամասէն է, իսկ 31,7%-ը՝ Ափրիկէէն։

Պսակ: Կրօնական ամուսնութիւններու թիւը կը նուազի Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, բայց կ’աճի Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարածքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 07:38