Կոլկոթա Կոլկոթա  (Custodia di Terra Santa)

Կարդինալ Փարոլինի հանդիպումը Իսրայէլի դեսպանին հետ. Ափսոսանք՝ Սուրբ Յարութեան տաճարի միջադէպին համար

Վատիկանի պետական քարտուղար Փարոլինը Իսրայէլի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին իր ափսոսանքը յայտնեց Ծաղկազարդի օրը պատահած միջադէպին համար, երբ ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացած էր Փիցապալլա պատրիարքի մուտքին դէպի Սուրբ Յարութեան տաճար: Կողմերը պարզաբանումներ փոխանակեցին եւ համաձայնութեան յանգեցան Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններու անխափան ընթացքին շուրջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, մարտ 30-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ընկերակցութեամբ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռ. Կալակէրի, հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպան Եարոն Սայտըմանի հետ:

Հանդիպման առանցքը հանդիսասաւ նախորդ օրը՝ մարտ 29-ին, Ծաղկազարդի Կիրակիի առթիւ պատահած «ցաւալի միջադէպը»։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ, իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացած էր Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլայի եւ Սուրբ Երկրի պահապան հայր Ֆրանչեսքօ Իելփոյի մուտքին՝ դէպի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «Telegram»-ի իր պաշտօնական ալիքով հաղորդեց, որ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը արտայայտած են իրենց խոր ափսոսանքը պատահածին համար։ Իսրայէլեան կողմը ներկայացուցած է անհրաժեշտ պարզաբանումներ տեղի ունեցած թիւրիմացութեան վերաբերեալ։

«Զրոյցի ընթացքին ափսոսանք յայտնուեցաւ պատահածին համար, որուն շուրջ տրուեցան պարզաբանումներ։ Միաժամանակ, ի գիտութիւն առնուեցաւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան եւ տեղական իշխանութեանց միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը»։

Համաձայնութիւն՝ Սուրբ Շաբթուայ արարողութեանց շուրջ

Հանդիպման կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկն եղաւ այն հաստատումը, թէ կողմերը համաձայնութեան յանգած են Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս Աւագ Շաբթուայ (Triduo Santo) ծիսական արարողութիւններու ընթացքին շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2026, 10:06