Կարդինալ Փարոլին. «Խաղաղութիւնը միակ ընտրանքն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, «Ացցիոնէ Քաթոլիքա»ի մշակութային «Dialoghi»-ին տուած իր վերջին հարցազրոյցին մէջ, ահազանգ հնչեցուց միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրող «ուժի տրամաբանութեան», շեշտելով որ այսօր դիւանագիտութիւնը կը թուի ըլլալ անկարող ու լուռ, մինչ պետութիւնները կը նախընտրեն զէնքի ուժը՝ բանակցութեան սեղանին փոխարէն։
Ուժի գերիշխանութիւնը եւ միջազգային տագնապը
Հարցազրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին նշեց, որ աշխարհը կը գտնուի «բազմաբեւերռութեան» մէջ, որ սակայն կարգաւորուած է ոչ թէ իրաւունքով, այլ՝ գերիշխանութեան ձգտումով ու քննադատեց միջազգային ընտանիքի կողմէ կիրառուած երկակի չափանիշերը, յատկապէս մատնանշելով Ուքրանիոյ եւ Կազայի հակամարտութիւններուն անհամաչափ վերաբերմունքը։
Ծիրանաւորը ընդգծեց որ իսկական խաղաղութիւնը կը հիմնուի համաշխարհային համաձայնութիւններուն եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի վրայ։
Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութիւնը
Հարցազրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ Վատիկանի կեցուածքին՝ շարք մը թեժ հարցերու շուրջ։
Չինաստան. «Դիւանագիտական մակարդակի վրայ, Սուրբ Աթոռի եւ Ժողովրդային Չինաստանի միջեւ կը մնայ Թայուանի վատիկանեան ճանաչման հանգոյցը, զոր Փեքինը կը նկատէ իր սեփական տարածքը», ըսաւ Ծիրանաւորը աւելցնելով, «Ինչ կը վերաբերի Հոնկ Քոնկին, Եկեղեցին կը շարունակէ յանձնառու մնալ իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան եւ կրօնական ազատութեան երաշխաւորման գործին մէջ»։
Միջին Արեւելք եւ Իրան. Կարդինալը կոչ ըրաւ խուսափելու նոր պատերազմական ճակատներէ, որոնք կրնան աղետալի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ աշխարհին համար։
ԱՄՆ-ի Քաղաքականութիւն. Ան յորդորեց քրիստոնէական արժէքները չօգտագործելու ընտրողաբար. «Չէ կարելի պաշտպանել չծնած մանուկին կեանքը եւ միեւնոյն ժամանակ անտեսել ծովուն մէջ խեղդուող գաղթականին կամ պատերազմի զոհ դարձող կնոջ կեանքը»:
Թուայնացման մարտահրաւէրը
Անդրադառնալով 21-րդ դարու արհեստագիտական յառաջխաղացքին՝ կարդինալ Փարոլինը զգուշացուց ապամարդկայնացման վտանգէն, շեշտելով, որ թէեւ մարդիկ այսօր աւելի քան երբեք կապուած են իրարու թուային միջոցներով, սակայն իրականութեան մէջ կ՚աճի վախն ու ատելութիւնը դիմացինին հանդէպ:
Վատիկանի Պետական քարտուղարը հարցազրոյցը աւարտեց հրաւիրելով որ դիւանագիտութիւնը պէտք է վերագտնէ իր «ստեղծագործ» ուժը՝ կառուցելու համար աշխարհ մը, ուր իրաւունքը կը տիրէ ուժին վրայ եւ ուր կը տիրէ խաղաղութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ