2026.05.19 Il cardinale Parolin riceve l’Ordine al merito europeo

Փարոլին. ԵՄ-ն պէտք է ըլլայ «ստեղծագործական ջանք»՝ ի խնդիր նոր հակամարտութիւններու սպառնալիքին տակ գտնուող խաղաղութեան

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը արժանացաւ Եւրոպական արժանիքի շքանշանը եւ այս առիթով իր ունեցած ելոյթին մէջ շեշտեց Սրբազան Պապին եւ Սուրբ Աթոռին միջազգային յանձնառութիւնը՝ յառաջ մղելու քաղաքացիական համակեցութիւն մը, որ կը հաստատէ մարդկային անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը։


Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սթրասպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ստացաւ Եւրոպական արժանիքի շքանշանը (Ordine al merito europeo)։ Այս պարգեւը կը շնորհուի այն անձնաւորութիւններուն, որոնք իրենց նպաստը բերած են եւրոպական միութեան ու համարկման շրջագիծէն ներս։

Այս առիթով իր ունեցած ելոյթին մէջ, Փարոլին հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յանձնառու ըլլայ «ստեղծագործական ջանքերով» խաղաղութիւն կառուցելու աշխարհի մը մէջ, որ համակուած է նոր հակամարտութիւններով՝ ներառեալ Ուքրանիոյ պատերազմը։ Ան յիշեցուց Ռոպերթ Շումանի մտածումները՝ շեշտելով, որ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութիւնը կը մնայ հիմնական ու վճռորոշ։

Փոխանցելով Լեւոն ԺԴ. Պապին ողջոյնները՝ ծիրանաւորը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը քաղաքացիական համակեցութեան մը համար, որ հիմնուած է մարդկային արժանապատուութեան վրայ՝ զայն որակելով անձեռնմխելի` կեանքի ամէն մէկ փուլին։ Ան նաեւ արտայայտեց Եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու եւրոպական կառոյցներուն հետ, ըլլալու համար «խաղաղութեան արհեստաւորներ»։

Պարգեւատրուածներու շարքին էին ԱնԿելա Մերքելը, Լեխ Վալենսան եւ Անիպալ Քաւաքօ Սիլվան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2026, 13:43