Արհեստագիտական ապագան կանխորոշուած ճակատագիր մը չէ, այլ մարդկային պատասխանատուութեան վստահուած տարածք

«Հոյակապ Մարդկութիւն» շրջաբերականի ներկայացումը. Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երկուշաբթի` 25 Մայիսի, ժամը 11:30-ին, Սինոդի Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապի «Հոյակապ Մարդկութիւն» վերտառութեամբ առաջին շրջաբերական նամակին ներկայացումը նոյնինքն Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ։

Հանդիպման բացումը կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` ապա խօսք առին Հաւատոյ Դաւանանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսը, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ կարդինալ Մայքըլ Չերնին, փրոֆեսոր Աննա Ռուլենտսը՝ աստուածաբան եւ դասախօս Միացեալ Թագաւորութեան Տարհամի (Durham) համալսարանին մէջ,․ Քրիսթոֆըր Օլահը՝ «Էնթրոփիք» (Anthropic - ԱՄՆ) ընկերութեան համահիմնադիր եւ Արհեստական բանականութեան ընկալելիութեան հետազօտութեան պատասխանատու, փրոֆեսոր Լէոքատի Լուշոմպոն (i.t.)՝ քաղաքական աստուածաբանութեան եւ կաթողիկէ ընկերային մտածողութեան դասախօս Քալիֆորնիայի Յիսուսեան Աստուածաբանութեան Դպրոցին / Սանթա Քլարա համալսարանին մէջ։

Հանդիպման աւարտին Կարդինալ Փարոլինը նախ քան խօսքը Քահանայապետին փոխանցելը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ զեկուցողներուն, որոնց ընդմէջէն, ըսաւ Ան, «յստակօրէն կը պարզուի, որ արհեստական բանականութիւնը խորապէս կ՚ազդէ մարդ անհատի եւ ժողովուրդներու համակեցութեան մեր ընկալման վրայ», ու թէ` «ի յայտ կու գայ այն գիտակցութիւնը, թէ վճռորոշ հարցումները միայն արհեստագիտական (technological) չեն։ Ասոնք մարդուն վերաբերող հարցումներ են. ո՞վ կ՚ուզենք ըլլալ. ի՞նչպիսի ապագայ կը փափաքինք կտակել մեզմէ ետք եկողներուն. ինչպէ՞ս ուղղորդել այն ուժը, որ այսօր դրուած է մեր ձեռքերուն մէջ»։

Կարդինալ Փարոլինը ապա բացատրեց թէ այս հարցադրումները տեղ գտան ելոյթներուն մէջ՝ տարբեր եւ զիրար ամբողջացնող հեռանկարներով, նկատել տալով թէ Փրոֆ. Ռուլընտս ցոյց տուաւ, թէ «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կենդանի աւանդութիւն մըն է, որ ընդունակ է կարդալու պատմութիւնը՝ առանց կորսնցնելու իր աւետարանական կեդրոնը»։

Ապա Պարոն Օլահ յիշեցուց, որ նոյնիսկ արհեստագիտական աշխարհի ներսէն կը ծնին հարցումներ, որոնք կը գերազանցեն բուն արհեստագիտութիւնը՝ բանալով երկխօսութեան տարածք մը, որ որքան անհրաժեշտ, նոյնքան ալ հրատապ է։

Իսկ Փրոֆ. Լուշոմպօ հնչեցուց ձայնը անոնց, որոնք ենթարկուած են այս փոփոխութեան վտաբգին՝ առանց կարենալու, որպէս դերակատար, մասնակից դառնալ անոր, յիշեցնելով մեզի, որ այն յառաջդիմութիւնը, որ ընդունակ չէ ներառելու բոլորը, հեշտութեամբ կը դառնայ քանի մը հոգիի արտօնութիւնը։

Կարդինալ Ֆերնանտես ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս շրջաբերականը կը հրաւիրէ հաւատացեալներու խիղճն ու եկեղեցական կազմաւորումը՝ յորդորելով գոյութեան իմաստի մասին վերջնական հարցումները չպատուիրակել արհեստագիտութեան, ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը մինչ Կարդինալ Չերնի զեկոյցը նկատեց վերադարձ դէպի մարդկային համապարփակ զարգացումի հեռանկար, «առանց որուն՝ ամէն մասնակի վերլուծում, նոյնիսկ երբ ճշգրիտ է, կը վտանգէ հայեացքէն հեռացնել նպատակը որ է աւելի ազատ անհատներ, աւելի արդար ժողովուրդներ եւ աւելի բնակելի երկիր մը։

«Արհեստագիտական ապագան կանխորոշուած ճակատագիր մը չէ, այլ մարդկային պատասխանատուութեան վստահուած տարածք մը։ Ան մարդուն վայել պտուղներ կարող է բերել միայն այն չափով, որով ան կը կողմնորոշուի այնպիսի իմաստութեամբ մը, որ ընդունակ է միասին պահելու անհատի արժանապատուութիւնը, հասարակաց կեանքի արդարութիւնը եւ բոլոր ժողովուրդներու բարիքը» ըսաւ ապա Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը եւ խօսքը աւարտեց հաստատելով` որ «մեզի սպասող պարտականութիւնը կը գերազանցէ լոկ օրէնսդրական եւ կանոնակարգային մակարդակը», աւելցնելով որ այս մէկը է նաեւ «դաստիարակչական, հոգեւոր եւ մշակութային պարտականութիւն մը»` այսինքն «կերտել խիղճեր, որոնք ընդունակ են ապրելու արհեստական բանականութեան ժամանակաշրջանը՝ առանց կորսնցնելու ազատութիւնը, օգտագործելու հզօր գործիքներ՝ առանց անոնց կողմէ տիրուելու, եւ մնալու մարդկային՝ աւելի ու աւելի ինքնաշխատ (automated) տրամաբանութեամբ ձեւաւորուած միջավայրի մը մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2026, 12:57