ԱԲ. Վատիկանի մէջ քննարկում՝ բարոյագիտութեան, լրատուամիջոցներու եւ մարդկային ապագային շուրջ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լրագրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, կրթութեան եւ բարոյագիտութեան ոլորտներու միջազգային փորձագէտներ համախմբուեցան Քահանայապետական Ուրպանեան Համալսարանին մէջ, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած համագումարին: Սոյն նախաձեռնութիւնը տեղի կ՚ունենայ ընկերային Հաղորդակցութեան համաշխարհային օրուան ծիրէն ներս, երբ Սուրբ Աթոռը կը պատրաստուի դիմագրաւել արդի ժամանակներու ամենավճռական մարտահրաւէրներէն մէկը՝ ինչպէ՞ս պահպանել մարդկային դէմքը, ձայնն ու մտածողութիւնը ալկորիթմներու դարաշրջանին:
Այս համագումարը կը նախորդէ Լեւոն ԺԴ Պապին անդրանիկ շրջաբերականին «Magnifica humanitas»-ին, որ լոյս պիտի տեսնէ Մայիս 25-ին եւ ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) դարաշրջանին մարդ անհատի պաշտպանութեան:
Ռուֆինի. «Չենք կրնար մեր ստեղծած մեքենաներուն յանձնել մեր փոխարէն մտածելու դերը»
Համագումարի բացման խօսքին մէջ, Հաղորդակցութեան գրասենեակի վերատեուչ, Փաուլօ Ռուֆինին շեշտեց, որ «պահպանել» բառը կրաւորական հասկացողութիւն մը չէ, այլ՝ սիրով խնամելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու աշխոյժ գործընթաց: Ռուֆինին լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց մարդկային մտքի աստիճանական փոխանցման վերաբերեալ.
«Ամենամեծ վտանգը այն է, որ կրաւորական կերպով ընդունինք, թէ գիտելիքը այլեւս մեզի չի պատկանիր, եւ թէ մեր իսկ ստեղծած ալկորիթմներն ու հարթակները կրնան մեր փոխարէն մտածել»:
Ան աւելցուց, որ տեղեկատուական այս նոր տիրոյթին մէջ անհրաժեշտ է յստակօրէն զատորոշել ճշմարտութիւնը՝ ձեւաձումէն եւ մարդկային խօսքը՝ վիճակագրական հաշուարկներէն:
Կարդինալ Տը Մենտոնսա. «Մարդը երբեք չի կրնար վերածուիլ սոսկ տուեալի կամ ալկորիթմի»
Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Ժոզէ Թոլենթինօ տը Մենտոնսան, անդրադառնալով համագումարի խորագրին՝ «Custodire voci e volti umani» (Պահպանել մարդկային ձայներն ու դէմքերը), յայտարարեց, որ այս նախադասութիւնը հաւատքի դաւանանք է հանդէպ մարդկութեան:
Ըստ կարդինալին, քրիստոնէական եւ դասական աւանդութեան մէջ դէմքն ու ձայնը լոյսի պէս յստակ յատկանիշներ են, որոնք կը բնորոշեն փոխյարաբերութիւնը. «Մարդ արարածը միշտ կը գերազանցէ հաշուարկները. ան խորհուրդ է եւ կոչ»: Ան նաեւ զգուշացուց զգացական chatbot-ներու եւ deepfake-երու վտանգներէն, որոնք կրնան խաթարել մարդկային հանդիպման բնական կանոնները: Սակայն, ան եզրափակեց յուսադրող շեշտադրումով մը. «Մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը թուային նորարարութիւնը կեցնելը չէ, այլ զայն առաջնորդելը»:
Միջազգային եւ բազմակողմանի քննարկում
Ուրպանեան Համալսարանի երդիքին տակ համախմբուած էին համաշխարհային համբաւ վայելող դէմքեր: Ներկայ էին The New York Times-ի լրագրող Քաշմիր Հիլլ (ճանչցուած դէմքերու ճանաչման եւ անձնական տուեալներու պաշտպանութեան իր հետաքննութիւններով), The Washington Post-ի արհեստագիտական տնօրէն Վինիթ Խոսլան, ինչպէս նաեւ Algorithmic Justice League-ի հիմնադիր Ճոյ Պուոլամուինին, Mozilla-ի համահիմնադիր Միթչել Պէյքըրը, եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ու Եւրոպական Հեռարձակողներու Միութեան (EBU) ներկայացուցիչներ:
Բանավէճի չորս գլխաւոր առանցքները
Համագումարի քննարկումները կեդրոնացան չորս հիմնական թեմաներու շուրջ, որոնք քաղուած են Քահանայապետի պատգամէն.
Ձեւաձում եւ վաւերականութիւն. Ինչպէ՞ս դիմագրաւել կեղծիքի տարածումը եւ յարաբերութիւններու մեքենայացումը:
Ընկերային անհաւասարութիւն. Արդեօ՞ք ԱԲ-ի ձերեւրը կը խորացնեն խտրականութիւնն ու առկայ անհաւասարութիւնները:
Մարդ-արհեստագիտութիւն դաշինք. Ինչպէ՞ս ստեղծել պատասխանատու կառավարման համակարգ մը:
Կրթութիւն. Ինչպէ՞ս զարգացնել քննադատական մտածողութիւնը նոր սերունդի մօտ, որպէսզի անոնք չզիջին իրենց բանականութիւնը մեքենաներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ