Այսօր կ'աւարտի Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի այցելութիւնը Նիճերիայ
Մարիամ Երեման - Վատիկան
Այսօր՝ 7 Յուլիսին, կ՚աւարտի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի ճամբորդութիւնը Նիճերիոյ մէջ: Արքեպիսկոպոսը մեկնած էր ափրիկեան երկիր անցեալ Յուլիս 2-ին՝ Սուրբ Աթոռի եւ Նիճերիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան միջեւ երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 50ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ։
Նիճերան կը հիւրընկալէ շուրջ 30 միլիոն կաթողիկէներ, աւելի քան 10 հազար կաթողիկէ քահանաներ, եւ հոն բազմաթիւ են բնակչութեան ներքին ապահովութեան սպառնացող մարտահրաւէրները:
Այցելութեան օրերուն Գերապայծառ Կալլակէր Նախագահական Պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Նախագահ Պոլա Ահմետ Թինուպուի հետ, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Պիանքա Օտումեկու Օժուքու եւ ECOWAS-ի (Արեւմտեան Ափրիկէի Երկիրներու Տնտեսական Համայնք) Յանձնաժողովի նախագահ Օմար Լուրէյ: Վատիկանի ներկայացուցիչին հետ զրոյցէն ետք, Թինուպու տեղական մամուլին յայտնած է, թէ տեսակցութեան ընթացքին վերահաստատած է Կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ առաջնահերթութիւն տալու միջկրօնական երկխօսութեան եւ խթանելու խաղաղութիւնը, ներդաշնակութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը տարբեր կրօնական համայնքներու միջեւ:
Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարին ճամբորդական յայտագրին մէջ ներառուած էր նաեւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի մատուցումը, զոր կայացաւ 5 Յուլիսի առաւօտեան, Կարքի (Ապուժայի) Նիճերիոյ Տիրամօր համա-աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ՝ իբրեւ գոհաբանութիւն երկու Պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 50 տարիներուն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.