Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին տեսողական ժառանգութիւնը կը թուայնացուի

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին ընտրութեան յիսնամեակին ընդառաջ, Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը նախաձեռնած է անոր 27-ամեայ քահանայապետութիւնը վաւերագրող շուրջ 4,7 միլիոն լուսանկարներու թուայնացումը՝ պահպանելու եւ հանրութեան մատչելի դարձնելու այս բացառիկ տեսողական ժառանգութիւնը։ Ծրագիրը, որ կ'ընդգրկէ արխիւի վերականգնումն ու նորագոյն թուայնացման միջոցները, կը նպատակադրէ ապահովել Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութեան այս արժէքաւոր յիշողութեան երկարատեւ պահպանութիւնը եւ փոխանցումը ապագայ սերունդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին ընտրութեան յիսնամեակին ընդառաջ, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը սկսած է անոր լուսանկարչական հսկայ արխիւի թուայնացման ծրագիրը՝ նպատակ ունենալով պահպանել եւ ամբողջ աշխարհին մատչելի դարձնել ժամանակաշրջան մը բնորոշող բացառիկ տեսողական ժառանգութիւնը։

27 տարիներու պատմութիւնը՝ 4,7 միլիոն պատկերներով

Ծրագիրը կը ներառէ շուրջ 4,7 միլիոն լուսանկար, որոնք կը ներկայացնեն Քարոլ Վոյթիլայի 27-ամեայ քահանայապետութեան կարեւորագոյն պահերը՝ ներառեալ 104 առաքելական ճամբորդութիւններ եւ 146 հովուական այցելութիւններ։ Այս լուսանկարները կը վկայեն ոչ միայն անոր հովուական ծառայութեան համաշխարհային ընդգրկումը, այլեւ պատկերի առանցքային դերը այդ տարիներու եկեղեցական հաղորդակցութեան մէջ։

Մասնագէտներու համագործակցութեամբ

Յուլիս 8-ին, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Մարքոնի սրահին մէջ ներկայացուած նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ 2023-ին մեկնարկած աւելի լայն ծրագիրի, որ կը ղեկավարուի Վերաստեչութեան արհեստագիտական վարչութեան կողմէ՝ Ֆրանչեսքօ Մասքիի պատասխանատուութեամբ։

Ծրագիրին մէջ Վերատեսչութեան հետ կը համագործակցին երկարամեայ վատիկանեան լուսանկարիչ եւ արխիւի խնամակալ Ֆրանչեսքօ Սֆորցան, որ ծառայած է Պօղոս Զ.-էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ. Պապերը, ինչպէս նաեւ Պոլոնիայի «Immagine Ritrovata» ֆիլմերու վերականգնման կեդրոնը, որ պիտի համակարգէ գիտական եւ վերականգնման աշխատանքները՝ Bucap ընկերութեան թուայնացման նորագոյն արհեստագիտութեան աջակցութեամբ։

Համեստ սկիզբ՝ պատմական արխիւի վերածուած

Լուսանկարչական այս ժառանգութեան առաջին էջերը կը սկսին 1977-էն, երբ «L’Osservatore Romano» օրաթերթի կարիքներուն համար ստեղծուած էր համեստ լուսանկարչական արուեստանոց մը՝ երկու փոքր սենեակներու մէջ։ Տարիներու ընթացքին այդ նախաձեռնութիւնը վերածուեցաւ եզակի արխիւի, որ այսօր կը պատմէ Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն ժամանակաշրջաններէն մէկը։

Պահպանել, վերականգնել եւ հանրութեան մատչելի դարձնել

Թուայնացման ընթացքը պիտի ընդգրկէ բացասական ժապաւէններու ձեռքբերումը, խմբագրական ընտրութիւնը, բնօրինակ նիւթերու վերադասաւորումն ու անվտանգ պահպանումը, իսկ անհրաժեշտ պարագաներուն՝ նաեւ վերականգնման աշխատանքներ։ Վերջնական նպատակն է ստեղծել համապարփակ թուային արխիւ մը, որ երկարաժամկէտ կերպով պիտի պահպանէ եւ հանրութեան համար մատչելի դարձնէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին տեսողական յիշողութիւնը։

Անցեալը պահպանելով՝ դէպի ապագայ

Նախաձեռնութեան ներկայացման ընթացքին Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսչու, Փաոլօ Ռուֆֆինի ընդգծեց, թէ այս ծրագիրը խորհրդանշական անցում մըն է անալոկայինէն դէպի թուային աշխարհ։ Ան շեշտեց, որ պատկերազուրկ յիշողութիւնը վտանգ ունի աստիճանաբար մարելու, իսկ անցեալի ժառանգութիւնը պահպանելը անհրաժեշտ պայման է ապագան կերտելու համար։ Ռուֆֆինի նաեւ յիշեցուց, որ արհեստագիտութիւնը իր իսկական արժէքը կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ զուգորդուի մարդկային խանդավառութեան, փորձառութեան եւ բանականութեան հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/07/2026, 10:43