Մարիամ՝ Ծովու Աստղ Մարիամ՝ Ծովու Աստղ  (©Patrick Gritzan - stock.adobe.com)

Յառաջիկայ Կիրակի օր կը նշուի Ծովի Կիրակին

Այս օրը ծնունդ առած է Անգլիոյ մէջ 1975 թուականին՝ Apostolato del Mare-ի, Mission to Seafarers-ի եւ Sailors’ Society-ի նախաձեռնութեամբ, ապա հետզհետէ ստացած է միջազգային եւ համամիութենական բնոյթ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն տարի յուլիս ամսուան երկրորդ կիրակի օրը՝ նուիրուած է Ծովին` յիշատակելու համար աւելի քան մէկ միլիոն նաւաստիներու ծառայութիւնը, որոնք տարուան բոլոր օրերուն կ՛աշխատին նաւերու վրայ, ինչպէս նաեւ Stella Maris-ի հոգեւոր հովիւներն ու կամաւորները, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն անոնց։

Այս օրը ծնունդ առած է Անգլիոյ մէջ 1975 թուականին՝ Apostolato del Mare-ի, Mission to Seafarers-ի եւ Sailors’ Society-ի նախաձեռնութեամբ, ապա հետզհետէ ստացած է միջազգային եւ համամիութենական բնոյթ։

«Ծովու Կիրակի»ի 2026-ի առիթով Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Մայքըլ Չերնիի հրատարակած պատգամին մէջ Ան պատգամին կեդրոնը կը դնէ «Ապրանքներէն ու առեւտուրէն անդին. ծովուն մարդկային դէմքը» բնաբանը՝ յիշեցնելով, որ ծովը միայն տնտեսական աղբիւր մը չէ, այլ Աստուծոյ արարչագործութեան մէկ մասն է, որ վստահուած է մարդու պատասխանատուութեան։

Ծիրանաւորը կը շեշտէ ծովագնացներուն, ձկնորսներուն, նաւահանգիստի աշխատաւորներուն եւ ծովափնեայ համայնքներուն հիմնական դերը, որոնք կը սատարեն համաշխարհային առեւտուրին եւ կը նպաստեն ժողովուրդներու, մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ հանդիպումին։ Ակնարկելով Հորմուզի նեղուցի վերջին տագնապին՝ ան ցոյց կու տայ, թէ աշխարհը որքա՛ն կախեալ է անոնց աշխատանքէն, եւ կոչ կ՚ընէ ճանչնալու անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը։

Պատգամը նաեւ կը դատապարտէ ծովու բազմաթիւ աշխատաւորներու կեանքի դժուար պայմանները, որոնք յատկանշուած են պատերազմներով, անապահովութեամբ, մեկուսացումով, ընտանիքներէն երկարատեւ բացակայութեամբ եւ հիւծիչ աշխատանքային կշռոյթներով։

Յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ Պապի «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին՝ ան կը վերահաստատէ, որ անհատը երբեք պէտք չէ վերածուի տնտեսութեան պարզ մէկ տարրին։

Լայն տեղ կը յատկացուի նաեւ ծովային միջավայրի պահպանութեան. ովկիանոսներուն խնամքը եւ ծովուն վրայ ապրող ու աշխատող մարդոց հոգածութիւնը անբաժանելի են եւ կը կազմեն մէկ միասնական բարոյական յանձնառութիւն՝ ի խնդիր ընդհանուր բարիքին եւ գալիք սերունդներուն։

Վերջապէս, Ծիրանաւորը կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որ կոչուած է մօտիկ ըլլալու ծովու աշխատաւորներուն՝ Մատրանապետերու եւ Ծովու Առաքելութեան (Stella Maris) միջոցաւ, առաջարկելով հոգեւոր եւ մարդկային աջակցութիւն։ Պատգամը կը փակուի շնորհակալութեամբ մը՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն ծովուն վրայ, եւ անոնց յանձնումով Մարիամի՝ Ծովու Աստղին պաշտպանութեան՝ աղօթելով անոնց ապահովութեան, արժանապատուութեան, խաղաղութեան եւ յոյսին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 07:50