Գերապ. Պալեսթրերօ Գերապ. Պալեսթրերօ 

Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին. զինաթափումն ու մարդկային զարգացումը ձեռք-ձեռքի կ'ընթանան

Ըստ Սուրբ Աթոռի, զինաթափումը հիմնական պայման է համապարփակ մարդկային զարգացումը խթանելու եւ վաւերական խաղաղութիւն կերտելու համար։ Պալեսթրերօ ընդգծեց քլասթըրային ռումբերէն տուժածներուն աջակցելու կարեւորութիւնը եւ անոնց օգնութիւնը նկատեց միջազգային համայնքի համատեղ պատասխանատուութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ողկուզային - Քլասթըրային - ռումբերու մասին համաձայնագիրի վերանայման երրորդ խորհրդաժողովի ընթացքին, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ՝ Գերապ. Էթորէ Պալեսթրերօ վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը այս զէնքերու վերացման ուղղութեամբ, որոնք պատճառ կը դառնան բազմաթիւ քաղաքացիական զոհերու, յատկապէս՝ մանուկներու։

Ըստ Սուրբ Աթոռի, զինաթափումը հիմնական պայման է համապարփակ մարդկային զարգացումը խթանելու եւ վաւերական խաղաղութիւն կերտելու համար։ Պալեսթրերօ ընդգծեց քլասթըրային ռումբերէն տուժածներուն աջակցելու կարեւորութիւնը եւ անոնց օգնութիւնը նկատեց միջազգային համայնքի համատեղ պատասխանատուութիւնը։

Իր ելոյթին մէջ, Վատիկանի ներկայացուցիչը նաեւ վերապահութիւններ յայտնեց համաձայնագիրի բնագիրին մէջ առկայ որոշ ձեւակերպումներու վերաբերեալ, ինչպէս՝ «սեռ» (gender) եւ «սեռային հայեցակէտ» (gender perspective) արտայայտութիւններուն, կարծելով որ անոնք կրնան արգելք հանդիսանալ պետութիւններու կողմէ դաշնագիրի աւելի լայն ընդունման։

Քլասթըրային ռումբերու մասին համաձայնագիրը, որ որդեգրուած է 2008-ին եւ ուժի մէջ մտած՝ 2010-ին, կը նպատակադրէ արգիլել այս զէնքերու գործածութիւնը, արտադրութիւնն ու ամբարումը, որոնք կը շարունակեն զոհեր խլել նոյնիսկ հակամարտութիւններու աւարտէն տարիներ ետք՝ չպայթած ենթառումբերու պատճառով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/07/2026, 17:03